ՎԱՂԸ՝ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կեդրոնականի ընտանիքը կը պատրաստուի այս շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան։ Պատմական դպրոցին համար հերթական անգամ նախատեսուած է հանգանակութիւն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, մատաղօրհնութեան ընդառաջ նախընթաց օր Ղալաթիոյ խնամակալութեան ներկայացուցիչները այցելեցին խմբագրատունս։ Այսպէս, ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ անդամներէն Ռաֆֆի Եազմաճը մեզի բացատրութիւններ տուին պիւտճէի ներկայ վիճակին շուրջ։ Ծանօթ է, որ Կեդրոնականը պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու շարքին կը դասուի յաջողագոյններու կարգին եւ համայնքին կողմէ կատարուած ներդրումը նախախնամական նշանակութիւն ունի անոր կայունութեան երաշխաւորման տեսակէտէ։

Խնամակալութեան ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ Կեդրոնականի առաքելութեան երաշխաւորման տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն ունի անոր տարեկան պիւտճէի բացին հաւասարակշռումը, որպէսզի արդիւնաւէտութեան խնդիրներ չյառաջանան եւ դպրոցը միշտ ընթանայ վերելքի ճանապարհով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020