«ԱՐԱՍ»Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԻՒՐԸ

Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառի շրջանակներէն ներս «Արաս» հրատարակչութեան տաղաւարը կը շարունակէ գրասէրներու ժամադրավայրը հանդիսանալ։ Նկատի ունենալով, որ հրատարակչատունը կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, յոբելենական շրջանին տաղաւարն ալ ա՛լ աւելի եռուն է ու բանուկ։

Երէկ, «Արաս»ի տաղաւարին մէջ գրասէրներուն համար իր գիրքերը մակագրեց գրող Զէյնեփ Ալփասլան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2023