ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ամէն անգամ որ Ամանորի սեմին կը հասնինք, կ՚անդրադառնանք, թէ ժամանակը որքան արագ ընթացած է։ Մանաւանդ մանուկներ կը խանդավառուին Կաղանդ պապուկի ակնկալութեամբ։ Ակնկալութիւն՝ ընդհանրապէս անակնկալներով լեցուն նուէրներու տոպրակի բացման։ Սակայն այդ ակնկալութեանց պահուն, իսկութեան մէջ ժամանակը կը ներկայանայ անփոփոխ եւ անտեսանելի նուէրով, որ է նժարը կշռելու, չափելու մեր կեանքի օրերուն արդիւնաբերութիւնը։ Այդ նժարը մանաւանդ արժէք կ՚ունենայ երէցներուն համար։ Նաեւ խելահաս մանուկներ այդ նժարին իմաստին հաղորդ կը դառնան, տրուած բացատրութիւններով ու մանաւանդ խրատներով։

Թէ ի՞նչ է նժարին յիշեցումը։ Ան կը կշռէ մեր ձեռքբերած շահերուն եւ կրած վնասներուն համեմատութիւնը։ Աշխարհի վրայ չկայ անձ մը, որ իր ասպարէզին կամ գործառնութեան մէջ յառաջանալ, շահաւոր դուրս գալ չցանկայ։ Սակայն յայտնի իրողութիւն է, թէ եթէ կայ կամքը յաջողութիւններ ձեռք բերելու, պարտ է ընթանալ ծրագրուած աշխատանքով։ Մտածենք անգամ մը. մեր առօրեայ կեանքը որպէսզի առողջութեամբ ընթանայ, նկատի կ՚ունենանք կանոնաւոր սննդառութեան կարեւորութիւնը եւ կը շարժինք ըստ այնմ։ Ուշադիր կ՚ըլլանք, որ ճաշի ժումերը եւ կամ հանգիստի յատկացուած պահերը իրենց ժամանակին արժեւորուին։ Մեր հիւանդութեան պարագային կը կարօտինք բժշկական ծրագրուած միջամտութեան, որպէսզի կարենանք վերագտնել մեր առողջութիւնը։ Այս բոլորը որպէս օրինակներ կը վերյիշենք, նկատի ունենալով ի ձեռին ունեցած մեր նիւթական եւ ֆիզիքական արժէքները։

Սակայն որպէս մկրտութեամբ Քրիստոսի Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ անդամակցութեան կոչուածներ, ունինք նաեւ քաղցր պարտականութիւնը մտածելու մեր հոգեւոր կեանքին մասին։ Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուածներս մեր մէջ կը կրենք Աստուծոյ կենդանութեան շունչը։ Եւ մենք պարտինք ուշադիր ըլլալ, որ մեր հոգեւոր կեանքը վէրքեր չստանայ, չըսելու համար չխամրի կամ դիակի մը չնմանի։ Այս առումով լաւ կ՚ըլլայ Ամանորի նժարը օգտագործել նաեւ այս ուղղութեամբ։ Հոգեւոր շինութեան համար որքանո՞վ ջանացած ենք կրել մեր վրայ դրուած «քաղցր լուծը», յարգելու՝ անոր տրամադրութիւնները, արժէք ընծայելու անոնց եւ մանաւանդ անդրադառնալու՝ անոնց կարեւորութեան։

Սողոմոն իմաստունը մրջիւնի օրինակով կը խօսի եւ կը թելադրէ ծուլութենէ հեռու կենալ, ըսելով. «Ով ծոյլ, մրջիւնին գնա, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։ Վասնզի անիկա թէեւ իշխան, ոստիկան կամ տիրող չունի, իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ. Իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը ժողվէ։ Ով ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ կը պառկիս, քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս» (Առակաց, 6.6-9)։ Սուրբ Գիրքէն բղխած այս պատգամը կրնանք պատշաճեցնել նաեւ մեր հոգեւոր կեանքին, ուր յաճախ կ՚երեւին հոգեւոր ծուլութեան եւ թմրութեան օրինակները։

Որպէսզի հոգեւոր մեր կեանքը կարենանք առողջ պահել, պարտինք հեռու մնալ հոգեւոր ծուլութենէ եւ մշակուած ծրագրով մը ընդգրկել առաջադրուած կեանքի սկզբունքները։ Այս մշակուած ծրագրին հիմնաքարն է հաւատքը. հաւատք՝ Աստուծոյ գոյութեան, հաւատք՝ Աստուծոյ ամենակարողութեան, հաւատք՝ Աստուծոյ հրաշագործ զօրութեան, հաւատք՝ Աստուծոյ անխառն սիրոյն ներգործութեան, հաւատք՝ Աստուծոյ փրկագործ տնօրինութեան։ Պետրոս առաքեալ հաւատքով սկիզբ առած եւ մէկը միւսին կապուած ձեռքբերումները կը թուէ, նման շղթայի մը, որուն օղակներն են «առաքինութիւնը, գիտութիւնը, ժուժկալութիւնը, համբերատարութիւնը, աստուածպաշտութիւնը, եղբայրսիրութիւնը եւ ի վերջոյ՝ սէրը», նաեւ յիշեցնելով թէ՝ «երբ այս ձեռքբերումներով ճոխանանք, անոնք դատարկ եւ անպտուղ չեն թողուր մեզ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին մեր ունեցած գիտութեան մէջ։ Իսկ ան որուն մէջ չկան այս բաները, կոյր է կամ կարճատես եւ մոռացութեան տուած իր նախկին յանցանքներէն մաքրուած ըլլալը» (Բ. Պետրոս, 1.5-9)։ Հոգեւոր ծուլութենէն եւ աշխարհիկ արժէքներով քնացած մեր վիճակէն դուրս կրնանք գալ, արթննալ ու յաջողութիւններ արձանագրել, եթէ մեր նիւթականին եւ ֆիզիքականին համար ընծայած արժէքներուն առընթեր մտածենք նաեւ հոգեւոր արժէքներու մասին ու առանց ծուլանալու ջանանք կեանքի կոչել զանոնք։ Եթէ որոշած ենք աշխատանքի լծուիլ եւ ծրագիր մշակել մեր հոգեւոր կեանքի առընչութեամբ, նախ պէտք է գիտնանք, թէ տարբեր ենք մրջիւններէն. մեր կեանքին Տէրը՝ Աստուած, մեր փրկութեան համար մշակած է իւրայատուկ ծրագիր։ Մենք ունինք մեր առաջնորդը՝ Աստուծոյ Միածին Որդին։ Հետեւաբար առանձին չենք։ Մրջիւններու բնազդով տարած աշխատանքը, օրինակ կը հանդիսանայ մեզի եւ մեր պարագային կը թելադրէ ընթանալ մտքով, տրամաբանութեամբ եւ մեր առջեւ պարզուած Աստուածային կենսաւէտ պատգամներու լոյսով։ Բարոյական ու հոգեւոր ծուլութենէ հրաժարելով մեր կեանքը վերակերպարանաւորելու աշխատանքի ճանապարհի ընթացքին երբ ծրագիրներ կը մշակենք, պէտք է լաւագոյնս ճանչնանք եւ ըմբռնենք, թէ ո՞վ է Քրիստոս։ Իր Խօսքին մէջէն լաւագոյնս ըմբռնենք թէ՝ Ան «Բարի հովիւն է, որ իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար… կը ճանչնայ իրենները եւ կը ճանչցուի իրեններէն, ինչպէս որ Հայրը կը ճանչնայ զԱյն եւ Ան ալ կը ճանչնայ Հայրը» (Յովհ. 10.11, 14-15)։

Նայինք Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարներուն, մեր աղօթքի տուներուն, որոնք մեր հայրերու յանձն առած զոհողութեանց յուշարձաններն են։ Մենք մէկ կողմէն երբ նիւթեղէն տաճարը պայծառ պահելու կ՚աշխատինք, միւս կողմէ պէտք է նաեւ հոգ տանինք ապրող եւ շնչող տաճարներուն, այսինքն մեր անձերուն մասին։ Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարներու կամարներուն ներքեւ երբ Աստուծոյ անուան փառք կը կարդացուի, աղօթքի բառերը կը բարձրանան, բղխած՝ հաւատաւոր սրտերէ, այդ կը նշանակէ, թէ արթնցած ենք, նկատի ունենալով մեր հոգեւոր վերելքը, հանդերձեալ կեանքը եւ «աշխարհի սկիզբէն սուրբերուն համար պատրաստուած երկնքի արքայութեան» ուրախութիւնը։

Ամանորը ուրախութեան պահ է։ Ամանորը մեր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ երջանկանալու պահ է։ Մեր աղօթքն ու մաղթանքը այն ըլլայ, թէ երբ կ՚ըմբոշխնենք երջանկութեան եւ ուրախութեան մթնոլորտին լիութիւնը, նաեւ պահ մը նժար ի ձեռին անդրադառնանք մեր կեանքի թերութիւններուն, մեր գործած սխալներուն եւ ծրագրենք ընդգրկել առանց յապաղելու զանոնք սրբագրելու ճանապարհը։ Ամանորին թող Աստուած մեր մէջ արթնցնէ Աստուծոյ Խօսքը ընթեռնելու եւ հաղորդ դառնալու Աստուածային պատգամներու ճշմարտութեան ոգիին, եւ մենք ուխտենք վառ պահել այս ոգին, ի մտի ունենալով Առաքեալին պատուէրը, որ մեզ կը հրաւիրէ «աւելի ջանք թափել, որպէսզի մեր կոչումը եւ ընտրութիւնը հաստատ պահուի բարի գործերով» (Բ. Պետրոս, 1.10)։

Ամանորը առիթ ընծայէ բոլորիս, որպէսզի անդրադառնանք եւ լաւագոյնս ըմբռնենք, թէ մենք կանք զԱստուած փառաւորելու եւ Աստուծոյ գործին ծառայելու համար։ Տէրունական աղօթքին մէջ երբ կ՚ըսենք «Քու կամքդ թող ըլլայ երկրի վրայ, ինչպէս որ է երկնքի մէջ», ամրանանք նաեւ յիշելով Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքին բառերը, որոնք կ՚ուսուցանեն Աստուծոյ յանձնուելու եւ Անոր կամքին համաձայն գործելու կարեւորութիւնը. «Բարիքներ կամեցող, կամքերը կատարող Տէր, մի՛ թողուր որ ես իմ կամքիս համաձայն ընթանամ, այլ առաջնորդէ զիս՝ որ միշտ քու բարեսէր կամքիդ համաձայն ապրիմ»։

Երբ կ՚ըսենք «Շնորհաւոր Նոր տարի», միանգամայն ջանանք դրսեւորել Աստուածային շնորհներով պայծառանալու կամք, Աստուծոյ փառքին եւ մեր շինութեան համար. ամէն։

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա­ՒԱԳ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018