ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՆՈՒԷՐ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ

Ամանոր է դարձեալ։

Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ ալ կը պատրաստուինք հին տարին թաղել պատմութեան էջերուն մէջ եւ դիմաւորել՝ նորը։ Եթէ հետեւած ենք առօրեայ իրադարձութիւններուն գոնէ գաղափար մը ունեցած ենք անցեալի դէպքերու մասին, նոյնիսկ անծանօթ ըլլալով անոնց ներքին ծալքերուն։ Մանաւանդ եթէ այդ դէպքերը ընկերային եւ հաւաքական կեանքերէն ներս ունեցած են դրական կամ ժխտական ազդեցութիւններ եւ այդ ազդեցութիւնները թողած՝ անջնջելի հետքեր։

Անցեալը ապրուած իրականութիւն է, սակայն նորը՝ փակ ծրար մը։ Չենք գիտեր, թէ այդ ծրարը երբ բացուիլ սկսի, ինչերու հետ դէմ յանդիման պիտի մնանք։ Մեր քրիստոնէական հաւատքը կը թելադրէ, որ անծանօթ ապագայի հորիզոնին նայինք յոյսով եւ բարի կամեցողութեամբ։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ապագայի օրերը ակնկալենք հաւատալով, թէ Աստուած իր նախախնամութեամբը առանձին պիտի չթողու մեզ։ Բաւ է որ գիտնանք ապաւինիլ Աստուծոյ ողորմութեան եւ օրհնութեան ու մանաւանդ՝ անսահման սիրոյն։

Սուրբ Աւետարանէն մեզի հասած «ամէն ժամանակ պէտք է աղօթել եւ չձանձրանալ» (Ղուկաս,18.1) պատգամը, յատկապէս Ամանորի նուէր մըն է քրիստոնեայ հաւատացեալին համար, մանաւանդ անոնց համար՝ որոնք կը հաւատան, թէ Աստուած Տէրն է բոլոր ժամանակներուն, անցեալին եւ ապագային։ Ուստի ընդհանրապէս Մեծ պահոց ապաշխարութեան շրջանին կարեւորուած աղօթելու կենսական պայմանը, Ամանորի սեմին եւս կարեւորութիւն կը զգենու, քանի որ կը պատրաստուինք ճանապարհորդութեան մը, որուն ընթացքին Աստուծոյ ապաւինելով քալելը ապահովութիւն կը ներշնչէ բոլորիս։

Քրիստոս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Նոր պատուիրան կու տամ ձեզի, որ սիրէք զիրար. Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի դուք ալ սիրեցէք զիրար։ Եթէ դուք զիրար սիրէք՝ ատով ամէնքը պիտի գիտնան թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յովհաննէս, 13.34-35)։

Աստուածային սիրոյ մարմնացումը՝ Քրիստոսի այս խօսքը կարեւորութիւն կը ստանայ Ամանորի սեմին, երբ կը պատրաստուինք մեր ընտանեկան հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ ողջագուրուիլ բարի մաղթանքներով, բան մը՝ որ սիրոյ արտայայտութիւնն է։ Այս սիրոյ արտայայտութեան առընթեր մենք կրնանք մեր անհատական կեանքէն ներս, մեր «ներքին սենեակին դուռը փակելով» (Մատթէոս, 6.5) պահ մը առանցնանալ եւ աղօթք առաքել առ Աստուած վասն բարօրութեան, խաղաղութեան, յաջողութեան, հոգեւոր շինութեան եւ Աստուածային օրհնութիւններով մխիթարութեան։

Հեթանոսաց Առաքեալը՝ Պօղոս աղաչական արտայայտութեամբ կը թելադրէ «ամէն բանէ առաջ աղօթք ընել, խնդրը-ւածք, պաղատանք, գոհութիւն մատուցանել բոլոր մարդոց համար» (Ա.Տիմոթէոս, 2.1)։ Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր անպակաս են մեծ ու պզտիկ հարցեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ խաթարել մեր անդորրութիւնը, երբեմն տակնուվրայ ընելով մեր առօրեան։ Բնականաբար մեր ուժն ու կարողութիւնը անբաւ կը մնան այդ բոլորը լուծելու համար, սակայն կըր-նանք մեր կեանքը զօրացնել զգալով Տիրոջ ներկայութիւնը, ապաւինելով Աստուծոյ ու մանաւանդ Իր հրաշագործ զօրութեան։ Եւ այդ կրնանք ընել «մեր շրթունքները բանալով զԱստուած օրհնելու» եւ այդ կրնանք ընել երբ հաւատքով դիմենք Աստուծոյ։

Ամանորին Սուրբ Նիկողայոս Հայրապետի կերպարով ներկայացած Կաղանդ պապուկը նուէրներ կը բաժնէ բոլորիս։ Նիւթական նուէրները կ՚ուրախացնեն մեզ, որովհետեւ անոնց միջոցաւ կը զգանք ու կը տեսնենք, թէ յիշուած ենք ու չենք մոռցուած։ Այս նուիրաբաշխման ուրախութեան առընթեր յիշենք, թէ Ամանորը՝ Նոր տարին կը շեշտադրէ «նոր» բառին իմաստը։ Անոր մէջ ոչ միայն ակնարկութիւն կայ անցեալ ժամանակի մը յաջորդող շըր-ջանին մասին, այլ նաեւ կը յայտնաբերուի նորոգուելու գաղափարը։ Այդ նորոգութեան ծիրէն ներս երանի, թէ կարենանք օգտագործել ժամանակը, յիշելու համար մեզմէ դուրս մնացածները, ըլլան անոնք մեզի ծանօթ կամ անծանօթ։ Ամանորին մեր արտասանած աղօթքի մի քանի բառերու արժէքը գեր ի վեր է թանկագին նուէրներու արժէքէն։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ հաւատաւոր սրտէ բղխած մեր բանաւոր պատարագները աւելի թանկարժէք են քան կորստական նիւթական նուէրները։

Ամանորի մուտքի առաջին վայրկեաններուն հետեւինք Առաքեալի արտայայտած փափաքին եւ «սուրբ ձեռքեր բարձրացնենք դէպի վեր, առանց բարկութեան եւ վիճելու մարմաջի» (Ա. Տիմոթէոս, 2.8)։ Եւ մանաւանդ այս աղօթքը թող ըլլայ նախատօնակ, եւ շարունակուի մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած ամանորեան սուրբ եւ անմահ Պատարագի մասնակցելով, ապրելու համար մեր մեծ ընտանիքին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ անդամ ըլլալու եւ նոյն հաւատքը բաժնող քոյրերու եւ եղբայրներու հետ ըլլալու երջանկութիւնը եւ շնչելու՝ Սուրբ Սեղանի առջեւ յայտնաբեր-ւած միասնականութեան մթնոլորտը։

Որքան լաւ կ՚ըլլար, եթէ կարենայինք այս կեցուածքը որդեգրուած տեսնել մեր ընտանեկան յարկերուն տակ։ Ընտանիքը որ մեր ժողովուրդի, եկեղեցւոյ բջիջն է, անոր յարկին ներքեւ բարեպաշտական կենցաղի օրինակի դրսեւորումը իր արձագանգը կ՚ունենայ զաւակներու կենցաղէն ներս։ Այս կապակցութեամբ կը յիշենք երանաշնորհ Խրիմեան Հայրիկը, որուն ծննդեան երկուհարիւրամեակը պիտի նշուի այս տարի։ Կը բաժնենք Հայրագորով Հովուապետին խօսքը, որ կ՚արձագանգէ «Դրախտի ընտանիք» հատորէն, որուն ոգին կը պահէ իր այժմէականութիւնը. «Տուն եւ ընտանիք մի փոքրիկ թագաւորութեան երկիր ու սահման է…։ Սոյն ընտանեկան պալատին ու թագաւորութեան մէջ, ոչ ոստիկան կայ, ոչ սուր, ոչ բռնութիւն, ոչ գաւազան այլ ամէնուն տեղ հայրական սէր ու մայրական գորովն է, դաստիարակ եւ խրատ՝ ծնողաց կենդանի օրինակն է։ …Ընտանեկան կենաց բարի եւ չար օրինակներէն, ժողովուրդին կեանքը կը բարւոքի կամ կը զեղծանի։ …ժողովուրդը եւ ազգերը միայն հացով չեն ապրիր. Թագաւորութեամբ եւ ազատութեամբ չեն բարձրանար, այլ առաւել բարոյական կեանքով. Եւ այդ կենսական կեանք տուողը ընտանիքն է։ …Որեւիցէ ժողովուրդ իւր բարոյական կենաց տիպարը ուղղակի ընտանիքէն կ՚առնու, եւ պարծանօք ցոյց կու տայ աշխարհի թէ ինքն բարեկիրթ ընտանեաց զաւակ եւ ժողովուրդ է։»։

Աղօթքի կարեւորութիւն ընծայելու մասին Սուրբ Գրքի թելադրանքը բոլորիս համար ըլլայ ամանորեան նուէր։ Երբ այս անգին նուէրը կը բաշխուի, մաղթենք որ բոլորիս սրտերն ու մտքերը պատրաստ ըլլան բարեբեր հողերու վերածուելու, որպէսզի սերմանուած Աստուծոյ պատգամը պտուղ տայ, ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն մեր ընտանեկան յարկերուն ու մանաւանդ մեր զաւակներուն։

Ի բոլոր սրտէ կ՚աղօթենք, որ 2020 տարին բոլորիս համար ըլլայ օրհնաբեր ու շնորհքով լի տարի մը. ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019