ՆԵՐԿԱՆ Կ՚ՈՐՈՇԷ ԱՊԱԳԱՆ

Ամանորը մեր հոգւոյն մէջ ունեցած հեքիաթներու արթննալու ժամանակն է: Իւրաքանչիւրիս հոգիի խորքին սպասումներ կը ծնին՝ նորի, ապագայի, երազանքներու, սիրոյ…

Տարեվերջի ու տարեմուտի այս օրերուն կ՚ամփոփուի անցեալ տարին եւ գալիք տարուայ համար կը յղուին բարեմաղթանքներ, որոնք լի են նոր յոյսերով ու ակնկալութիւններով:

Անցնող տարին կը ճանապարհենք աշխատանքային յաջողութիւններով կամ ձախողութիւններով, անընդմէջ գործունէութեան յուսադրիչ արդիւնքներով եւ ոտք կը դնենք յաջորդ տարուան սեմին՝ աւելի մեծ ակնկալիքներով եւ սեփական ուժերու հանդէպ ակնյայտ վստահութեամբ՝ համախմբելով մեր ջանքերն ու կարողութիւնները աւելի լաւ ապագայի համար:

Բոլորիս կը տրուի 365 օր: Թէ ի՞նչ կ՚ընենք այս 365 օրուայ ընթացքին. այդ մէկը կախեալ է մեզմէ եւ ուղղակիօրէն կապուած է մեր ընկալումներուն հետ: Կեանքի մէջ կարեւոր են ո՛չ թէ իրադարձութիւնները, այլ անոնց մեր վերագրած իմաստները: Բոլորս իրադարձութիւններուն կը վերագրենք տարբեր իմաստներ, ուստի տարբեր յոյզեր կ՚ունենաք՝ նոյնիսկ երբ ապրինք նոյն իրադարձութիւնը: Երբ այս իմաստը կը փոխուի, մեր զգացումներն ալ կը փոխուին: Ուստի, մեր ընկալումները կ՚որոշեն մեր ապագայ կեանքը։

Նոր տարի... Նոր երազանքներ, նոր յոյսեր, նոր սկիզբներ... Տարուան մը վերջը կը նշանակէ նոր տարուան մը սկիզբը։ Իւրաքանչիւր անձ կը վերանայի անցեալը եւ կը գիտակցի իր կեանքը. դասեր կը քաղէ անցեալէն եւ այսպէսով կը ձեւաւորուին ապագայի ուղղեալ նպատակներն ու խնդիրները: Թէեւ այս յատուկ օրը որոշ մարդիկ կ՚անտեսեն, սակայն բոլորիս կեանքին մէջ ունի յատուկ դեր մը։ Ես կը հաւատամ, որ անոնք, որոնք հակառակը կ՚ըսեն, անպայման, դոյզն իսկ յոյս ունին նոր սկիզբներու համար։ Պէտք չէ մոռնալ, անշուշտ, որ կեանքի իւրաքանչիւր օր իւրայատուկ է։

Երբ քայլ մը առնենք, յաճախ չենք վայելեր մեր անցած տարածութիւնը։ Սա իմաստ չ՚ունենար, քանի մենք, ընդհանուր առմամբ, կը մտածենք ապագայի, մեր հասնելիք կէտին մասին, կամ «աւելի առաջ փորձեցինք, բայց չկրցանք յաջողիլ»։ Այստեղ պէտք է յիշել. քալել սորվելէ առաջ նորածինները մօտաւորապէս 250 անգամ կ՚իյնան։ Սա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ամէն անկում ոտքի կանգնելու պատճառ մըն է։ Իւրաքանչիւր պարտութիւն սորվելու պատճառ մըն է։ Իւրաքանչիւր ձախողում փորձառութիւն է՝ յաջողութեան ճանապարհին։ Ձախողութիւնները պէտք է նկատել որպէս հանգրուան, կանգառ, այլ ո՛չ թէ բուն ճանապարհորդութիւնը։ Հիմա ժամանակն է խորհելու, թէ նպատակի մը հասնելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ Անգլերէնի մէջ ներկան կ՚արտայայտուի «present» բառով, որ միեւնոյն ժամանակ կը նշանակէ նուէր։ Այնուհետեւ, չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, թէ ներկան մեզ տրուած նուէր մըն է։ Ներկան կ՚որոշէ ապագան։ Այսինքն, ներկան լաւագոյն ժամանակն է՝ կառուցելու համար ապագան։ Հետեւաբար, այսօր պէտք է սկսինք քայլ առնելու, որպէսզի արժէքներով, յաջողութիւններով պսակուած նոր տարի մը ունենանք։

Իւրաքանչիւր Ամանոր նոր մեկնարկ կ՚ազդարարէ։ Կ՚ուզեմ, որ այդ մեկնարկը բոլորիս համար ըլլայ յաջողակ ու խոստմնալից:

Գալիք տարուայ բոլոր մաղթանքներուս մէջ է խաղաղութիւնը: Համոզուած եմ, որ 2023 թուականը բոլորիս համար պիտի ըլլայ բազում յաջողութիւններու եւ վերելքներու, նորանոր ձեռքբերումներու տարի մը: Ընտանեկան երջանկութիւնը, սէրը, ուժեղ կամքով յաղթանակներ արձանագրելը մեր ձեռքերուն մէջ են: Բայց չմոռնանք ամենակարեւորը՝ զիրար սիրելը: Նոր տարին եւ յատկապէս Սուրբ Ծնունդը այն բացառիկ տօներն են, որոնք կը միաւորեն բոլորս՝ անկախ ամէն ինչէ։ Անոնք այնպիսի տօներ են, որոնք առիթ կու տան ամփոփելու անցնող տարին, ծրագրելու յառաջիկան եւ մտորելու գալիքի մասին: Ի վերջոյ, անոնք տօներ են, որոնցմէ յոյս կը ճառագէ, իրարու հանդէպ սէր եւ կը ծորէ հանդուրժողականութիւն: Ամանորը մեզի համար նուիրական տօն է՝ իւրաքանչիւրիս համար սպասուած երազանքներու իրագործում:

Ինչպէս անցեալ բոլոր տարիները, 2022 թուականն ալ եղաւ իւրաքանչիւրիս համար անակնկալներով լեցուն տարի մը: Ապրեցանք ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը, առողջութիւնն ու հիւանդութիւնը, խաղաղութիւնն ու պատերազմը: Լացինք ու խնդացինք: Պիտի փորձենք էջ մը շրջել մեր կեանքէն՝ գիտնալով հանդերձ, թէ այդ դարձուած էջը անխուսափելիօրէն կ՚ընկերանայ մեզի եւ մենք չենք կրնար վերապրիլ առանց այդ էջին վրայ արձանագրուած ապրումներուն՝ այնպէս, ինչպէս երբ գիրքի մը էջը դարձնենք, այդ էջը կը մնայ տպուած ու հաստատուած եւ առանց անոր գիրքի բովանդակութիւնը իմաստ չ՚ունենար։

Մենք մեր կեանքը կ՚ապրինք նորութիւններու սպասելով եւ զանոնք երազելով: Երազելը գեղեցիկ, իսկ սպասելը հաճելի է, սակայն, ըստ իս, մեզի համար կարեւագոյնը հաշտութիւնը, սէրը, հաւատքը եւ յոյսն է, որոնք մեր կեանքի ընթացքին ուղղութիւն կու տան: Եթէ մենք «հաւատք»ի համար հաւատալը, «սիրուելու» համար սիրելը, «յուսալու» համար յոյս տալը, «հաշտութեան» համար հաշտուիլը ըմբռնած ենք լիարժէքօրէն եւ անոնք լիակատար կրնանք իրագործել, ապա այդ պարագային մեր ապրած կեանքը մեզի համ կու տայ, երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը անխուսափելի կ՚ըլլան:

Տարեվերջին, Նոր տարուայ գիշերը զիրար պիտի շնորհաւորենք ջերմագին ու լաւագոյն բարեմաղթանքներով, թերեւս ալ իրարու հետ նուէրներ պիտի փոխանակենք՝ տեսնելու համար երջանիկ, ուրախ դէմք մը կամ ժպիտ մը, որ նոյնպէս պիտի երջանկացնէ մեզ։ Ամանորի գիշերը բոլորս ալ Նոր տարին պիտի դիմաւորենք եւ Նոր տարիէն ներս մուտք պիտի գործենք տարբեր միջոցներով, բայց բոլորս պիտի ապրինք ու պիտի վայելենք նոյն պահը. պահ մը, որ հոգապէս պիտի գոհացնէ բոլորս: Ահա այդ պահուն մեր ներաշխարհին մէջ պիտի ծնի նոր կեանք մը, նոր յոյս մը, նոր ուժ մը, նոր պահանջք մը, նոր եռանդ մը, նոր ճամբայ մը եւ ինչ-ինչ նորութիւններ, որոնք մեզի պիտի առաջնորդեն դէպի նոր հորիզոններ։

Կը շնորհաւորեմ բոլորի Նոր տարին եւ կը մաղթեմ ընտանեկան ջերմութիւն, երջանկութիւն, առողջութիւն, աշխատանքային ու անձնական յաջողութիւններ:

Շնորհաւոր Ամանոր…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022