ՎԵՐԱԴԱՐՁ՝ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒՆ

Այսօր, հեռաւոր ափերուն, ուր կը գտնուիմ, երբ ազնիւ առաջարկը եղաւ ինծի Նոր տարուան այս «բացառիկ»ին մէջ անկիւն մը յատկացնելու, իսկոյն ընդառաջեցի, որովհետեւ…

Որովհետեւ… այս մէկը ինծի համար բացառիկ առիթ է, ձեւով մը, վերադառնալու հարազատ տունս՝ ԺԱՄԱՆԱԿ, որուն աշխատակցած է լուսահոգի հայրս տասնամեակներով եւ ուր մասամբ ծիլ արձակած է նաեւ իմ լրագրական հակումս։ Դեռ պատանեկանութեան տարիքն իսկ չթեւակոխած երեխայ էի, երբ հայրս իր հետ շատ յաճախ կը տանէր զիս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նախկին՝ «Նարմանլը եուրտու»ի խմբագրատունն ու տպարանը Մարտիրոս եւ Արա Գօչունեաններու օրերուն, որոնք բոլորն ալ այսօր այլեւս կը պատկանին Պոլսոյ գողտրիկ անցեալին։ Այս մասին յուշերս՝ ուրիշ առիթով մը։

Բայց, Պոլիս այս հոգեկան թռիչքս տարեմուտի մօտալուտ այս օրերուն, զիս տարաւ նաեւ մանկութեանս անդարձ եւ անմոռանալի օրերուն, Պոլսոյ կաղանդներուն։

Անոնք, որոնք առնուազն յիսուն գարուններ չեն բոլորած, պիտի դժուարանան պատկերացնելու այդ ժամանակները, մթնոլորտը, այդ «ուրիշ աշխարհ»ը, որ ոչ մէկ առընչութիւն ունի այսօրուանին հետ։ Առանձին բաղդատութիւններ ընելը անտեղի կը համարեմ։

Այդ օրերուն, ամէն ինչի՝ ներառեալ խաղալիկներու, որ ինչպէս միշտ, բնականաբար, մանուկներուս հետաքրքրութեան առանցքը կը կազմէին, սակաւութիւնը կարծէք յաւելեալ արժէք մը կը հաղորդէր անոնց։ Չկային հազարաւոր խաղալիկի տեսակներ, այլ յանկարծ հրապարակին վրայ կը յայտնուէր այս կամ այն խաղալիկը, կառամբարձ նաւ, որոշ շրջան մը ետք թիթեղեայ, բանալիով լարուող ու առանձին յառաջացող կառք, յետոյ որոշ ժամանակ անց՝ կերպընկալէ «կրիայ» որակուած կառքի մանրատիպը… այսպէս շարունակ։ Խաղալիկի մեր աշխարհին մէջ, այդ օրերու նորաձեւութիւններէն էր նաեւ հինգ կանգուններով եւ նոյնքան բոլորակներով կերպընկալէ խաղը, որու օրէնքն էր հեռուէն բոլորակները արձակելով՝ յաջողիլ անցընել կանգուններուն վրայ։ Իսկ ամենէն գերարդիականը, զոր կարելի է համարել այսօրուան համակարգիչներուն նախահայրը՝ գիտելիքի խաղն էր։ Այս մէկը կը ներկայանար թուղթի վրայ տպուած՝ տարբեր բնագաւառներու հարցարաններով։ Ձախին կային հարցումները եւ աջին՝ պատասխանները։ Գործիքին ելեկտրական երկու թելերէն իւրաքանչիւրը՝ մէկը հարցումին ու միւսը պատասխանին՝ եթէ յաջողէիք ճիշդ համապատասխանեցնել՝ վերը կանանչ լոյս կը վառէր։ Տակէն, ելեկտրական մանր թելերով՝ հարցումներու ճիշդ պատասխանները ագուցուած էին։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը Կաղանդին նախորդող գիշերներուն՝ մեր երազները կը զարդարէր, մեր գիշերները կը գեղեցկացնէր։ Արդեօք Կաղանդ պապան (իր նեղ միջոցներով) պիտի իրականցնէ՞ր այդ երազանք(ներ)ը։

Բայց, անշուշտ, միայն նիւթականը չէր երեխայի մեր հոգիները առկայծողը։ Դեկտեմբերի առաջին օրերուն իր փոշոտ պահեստէն կը հանուէր զարմիկիս՝ դպրոցը որպէս ձեռագործի պահերու պարտականութիւն պատրաստած՝ թուղթի կտորներէ շինուած տերեւներով տօնածառը, որու զարդերն ալ չես գիտեր ո՛ր ժամանակներէն, ուրկէ՛ հասեր էին մեզի։ Ծառին տակը անպայման իր տեղը կը գտնէր Յիսուսի մսուրը, որու անցեալը նոյնքան առեղծուածային էր մեզի համար։ Այն ժամանակ, մեր մանկական անմեղ աչքերով դիտուած՝ կը դժգոհէինք, որ նոր, արդի զարդեր չունինք մենք ալ։ Բայց այդ այնքան ալ բան չէր փոխեր մեր խանդավառութենէն։ Եւ այդ ծառը կը մնար հոն, իր անկիւնը մինչեւ… Յունուարի վերջ, քանի լուսահոգի մօրս չէր պակսեր Ս. Ծննդեան առընչուող կրօնական թուականներ, զորս պէտք էր խստօրէն յարգել եւ որոնք կ՚երկարէին մինչեւ փետրուարի սկիզբը։

Յետոյ, Նոր տարիէն քանի մը շաբաթ առաջ կը սկսէր տարեվերջի դպրոցական հանդէսին հեւքը։ Ի՜նչ հոգեվիճակներ ապրեր եմ (վստահաբար ուրիշ դասընկերներ ալ) հանդէսին ներկայացուելիք թատրերգութեան սա կամ նա դերը կարենալ ձեռք ձգել կամ չձգելու տագնապով։ Շաբաթներով կ՚օրօրուէինք այդ հանդիսութեան հեռանկարով… տունը սերտողութիւններ, դպրոցը փորձեր, ըստ դերին՝ սա կամ նա հագուստը կամ իրը գտնելու արշաւ… (հոս կը յիշեմ, որ սատրազամի դերիս համար անհրաժեշտ «չարըխ»ները հէգ հայրս դպրոց հասցուցեր էր հանդէսէն միայն հինգ վայրկեան առաջ, յուզումի անասելի պահեր ապրեցնելով ինծի)։ Իսկ հանդէսին օրը, Էսաեան սանուց միութեան սրահին մէջ, որ այնքան վիթխարի կը թուէր մեզի՝ երեխաներուս, ծնողներու ներկայութեան՝ այդ շաբաթներու աշխատանքը հրամցնելը մեծ պատիւ ու անզուգական հրճուանք էր բոլորիս համար։

Այս հանդէսը վերջին փուլն էր ամբողջովին համակուելու Նոր տարուան հոգեվիճակով։ Կարծէք անտեսանելի, բայց, միաժամանակ, գրեթէ շօշափելի աշխարհ մը կը ստեղծուէր՝ «Կաղանդի աշխարհ»ը։ Այդ շրջանին, օրը 24 ժամ,- օրուան մէջ եւ երազներու ընդմէջէն,- կ՚երեւակայէինք, կ՚երազէինք միայն ու միայն Կաղանդի շուրջ։ Սա ալ ըսեմ, որ մեր տունը Կաղանդ պապան երբեմն օրին հասցնել չկարենալով այս կամ այն ապսպրանքը, քանի մը օր ետք «ուղղաթիռով կը բերէր» ու կը ձգէր մեր ննջասենեակը, մեր քունի ժամերուն։ Հետեւաբար, յաջորդող տարիներուն՝ այս ալ յաւելեալ գրգռութիւն մը կը պատճառէր մեզի՝ եղբայրներուս, մտածելով՝ «այս մարդը քանի որ օրին չի գար, հետեւաբար՝ կրնայ որեւէ պահու գալ»։ Ուրեմն, Կաղանդէն քանի մը օր առաջ արդէն մեր հայեացքները յաճախ կ՚ուղղէինք երկինք, անոր ուղղաթիռը տեսնելու ակնկալութեամբ։

Բայց, ամանորեան երազային այդ օրերուն գագաթնակէտը կը հանդիսանար Նոր տարուան գիշերը, աւանդաբար, հօրաքրոջս տունը սարքուող ընտանեկան տօնական ընթրիքը։ Աննկարագրելի բերկրանք էր մեզի համար ընտանիքին այդ ընդարձակ ձեւաչափով համախմբումը, մա՛նաւանդ բոլոր երեխաներուս ու պատանիներուն քով-քովի գալը եւ անվերջ սպասումը կէս գիշերուան ժամը 12-ին, որ իբրեւ թէ Կաղանդ պապային դղրդոցները (որոնք երբեք ալ գոյութիւն չունէին իրականութեան մէջ) լսելով վազէինք մինչեւ ննջասենեակ, ուր ան ձգած կ՚ըլլար իր նուէրները, առանց երբեք մոռնալու հոն ներկաներէն ոեւէ մէկը։

Այս յուշերը հիմա կը թուին նոյնքան ցնորական, որքան այդ օրերու ապրումները, երազանքները։ Բայց, միաժամանակ, որքա՜ն հաճելի է նետուիլ անոնց գիրկը։ Չեմ գիտեր, թէ ենթակայակա՞ն է, բայց անզուգական հաճոյք է յուշերու աշխարհ այցը, անբաղդատելի ապրում մը։

Հէ՜յ կիտի օրեր…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԱՆ

(Փարիզ)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022