2025-Ի ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Թուրքիոյ հայերուն համար կրթութիւնը միայն անհատական զարգացում մը չէ, այլ՝ մշակութային տեւականութեան կարեւոր միջոց մըն է։ Դպրոցները մեր մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ փոխանցման հիմնասիւներն են։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր դպրոցները կապուած են համայնքային հիմնարկներու (vakıf)։ Ժողովուրդին կողմէ ժամանակաւորապէս լիազօրուած վարչութիւնները պարտաւոր են հիմնարկին հնարաւորութիւնները օգտագործել կրթութեան եւ ուսուցման ծառայութեան մատուցման համար։
ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ
Մեր համայնքի կրթական եւ հիմնական այլ ոլորտները կառավարող հիմնարկները ստեղծըւած են կամաւորութեան սկզբունքով։ Բայց, այս ջանքը չի միաւորուիր մասնագիտական հաստատութենական կառավարման մօտեցումի հետ, ինչ որ խնդիրներու հիմնական պատճառը կը հանդիսանայ։ Գիտենք, որ ղեկավարները իրենց արհեստավարժ աշխատանքներէն դուրս մնացած ժամանակը կը յատկացնեն այս պարտականութիւններուն։ Բայց այս գործելակերպը, միեւնոյն ժամանակ, արգելք կը հանդիսանայ հիմնարկներու հաստատութենական կառավարման համար։
Կամաւոր մօտեցման պարփակած այս թերութիւնը կարծես ըլլար սխալ կոճկուած առաջին կոճակը. կը խախտէ ամբողջ կառոյցի հաւասարակշռութիւնը։ Այս իրավիճակը՝ յատկապէս կրթութեան նման բազմաճիւղ ոլորտի մը մէջ, առնուած կամ չառնուած որոշումներու ճամբով աւելի յստակ կը դառնայ։ Որոշումները յաճախ կ՚առնուին զգացական մօտեցումներով եւ դրդապատճառներով, իսկ միջին եւ երկարաժամկէտ ռազմավարական միտքը կը պակսի։
ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ, ԲՈՂՈՔ ԵՒ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆ
«Քննադատութիւնը» կը համարուի ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկութեան հիմնական պայմաններէն մին. հիանալի բան մը, բայց, միայն այն պարագային, երբ հիմնուած է իրական տեղեկատուութեան եւ ամուր փաստարկներու վրայ։ Դժբախտաբար, յատկապէս ընկերային ցանցերու մէջ, յաճախ կը հանդիպինք քննադատութեան ի շարունակութիւն բողոքներու, որոնք հիմնուած կ՚ըլլան սխալ կամ թերի տեղեկատուութեան վրայ եւ կ՚արտայայտուին զգացական եւ կողմնակալ մեկնաբանութիւններու ձեւով։ Այս բողոքները համայնքին մէջ որոշ չափով արձագանգ ալ կը գտնեն։
Այդուհանդերձ, վարչութիւններն ալ պարտաւոր են իրենց որոշումները աւելի յստակ ձեւով ներկայացնել հանրութեան։ Տեղեկատուութեան պակասը կը հրահրէ «բամբասանքներու միջոցաւ լսուած» լուրերու տարածումը եւ զանոնք կը դարձնէ ապատեղեկատուութեան։ Մինչդեռ թափանցիկութիւնը ո՛չ միայն առաքինութիւն է, այլ՝ պարտականութիւն։
ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ
Աշխարհը արագօրէն կը փոխուի եւ նոյնիսկ ամենազարգացած երկիրները կը շարունակեն տարբեր եւ նոր կրթական մեթոտներ ուսումնասիրել։ Սակայն, ուսման մեթոտը ինչ որ ալ ըլլայ, անփոփոխ իրականութիւնն է մարդկային որակը, միտքով ու աշխատանքով հանդերձ։ Եթէ կրթութեան գործիչներու արժանի նիւթական եւ բարոյական վարձատրութիւնը չտրուի, ապա, որակաւոր կրթութիւն ակնկալել կարելի չէ։
Բնական է, որ ընտանիքները իրենց ամենաթանկարժէքները՝ զաւակները կ՚ուզեն յանձնել վստահելի, իր գործին լաւ տիրապետող, զարգացած եւ առողջ մտածելակերպով կրթական մշակներու։ Այս նպատակով թէ՛ պատասխանատու վարչութիւնները եւ թէ կրթական գործիչները պարտաւոր են չխուսափիլ իրենց առջեւ կանգնած մարտահրաւէրներէն։ Մասնաւորապէս՝ հայերէնի եւ դասարանի ուսուցչութեան բնագաւառին մէջ համալսարանի վկայականէն անդին յաւելեալ կրթական ծրագրերու մշակումը անհրաժեշտ է՝ ուսուցիչներու մասնագիտական հմտութիւնները ամրապնդելու նպատակով։
Վարչութիւնները պէտք է միջոցներ գտնեն ուսուցիչներ պատրաստելու կամ վերապատրեաստելու համար եւ այս ուղղութեամբ անմիջապէս գործի պէտք է անցնին։ Ուսուցչութեան մասնագիտութիւնը գրաւիչ դարձնելով կարելի է այդ ասպարէզին մէջ ներգրաւել նաեւ ակադեմական առումով աւելի յաջող աշակերտները։
ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ
Նիւթական միջոցներու պակասի մասին յաճախ կը խօսուի եւ այս պնդումը մասամբ ճիշդ է, սակայն բոլոր հիմնարկներուն համար ի զօրու չէ։ Թէեւ ոմանք նիւթական դժուարութիւններ ունին, բայց, եթէ ընդհանուր կամք մը գոյանայ, ապա առնուազն ներկայ վիճակներէն աւելի լաւ պայմաններ կրնան ստեղծուիլ։ Այս իմաստով՝ նիւթական դժուարութիւններով դպրոցներու ուսուցիչներու, տնօրէններու եւ աշխատակիցներու աւելի սահմանափակ միջոցներով պաշտօնավարելու հարկադրանքը արդար չէ եւ կը հակասէ կրթութեան հաւասարութեան սկզբունքին։ Վարչութիւնները պարտաւոր են նիւթական միջոցներու կրճատման փոխարէն՝ գտնել եկամուտի աւելացման եւ զայն կրթական նպատակներով խելամիտ ձեւով օգտագործելու ուղիներ։
Բոլոր հիմնարկներու վարչութիւնները պէտք է միասնական գործեն նիւթական հարցերու լուծման համար։ Դպրոց ունեցող հիմնարկներու եկամուտներու մեծ մասը կալուածներէ կ՚ապահովուին։ Անոնք պէտք է միանշանակ օգտագործուին կրթութեան նպաստելու համար։ Այս միջոցները պէտք է օգտագործուին ուսուցիչներու եւ աշխատակիցներու նիւթական պայմաններու բարելաւման, ուսուցիչներ պատրաստելու եւ մշակութային տեւականութեան նպատակներու ուղղութեամբ։ Մեր ամենամեծ թիրախը պէտք է ըլլայ պատրաստել սերունդներ, որոնք պիտի շարունակեն հայերէն գրել, հայերէնով ստեղծագործել եւ մեր մշակոյթը զարգացնել։
Այլ կերպ, կրթութեան աշխատակիցներու ընկերային իրաւունքներու զարգացումը եւ պաշտպանութիւնը նոյնպէս պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ։ Պէտք է յիշեցնել, որ դպրոցական միջավայրը միայն տնօրէններու եւ ուսուցիչներու աշխատանքով չի ձեւաւորուիր. բոլոր պաշտօնավարողներու (տնտես-տնտեսուհիներ, վարպետներ, քարտուղարներ) դերն ալ կարեւոր է։
Ուսումնական գործընթացի տեսանկիւնէն՝ տնօրէններու եւ ուսուցիչներու գործառոյթը աւելի նշանակալի կրնայ ընդունուիլ, բայց անոնց վաստակը միւսներուն բաղդատմամբ աւելի արժէքաւոր չէ։ Իւրաքանչիւր աշխատակից, որ իր գործը պատշաճօրէն եւ արդարամտօրէն կը կատարէ, իրաւունք ունի արժանանալու նիւթական եւ բարոյական առումով ապահով միջավայրի։
ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐԸ
Նիւթական առումով աւելի ապահով հիմնարկները՝ յատկապէս համալսարանականներու համար կրթաթոշակներ կը տրամադրեն, ինչ որ շատ դրական քայլ մըն է։ Բայց, կրթաթոշակները կարելի է աւելի գործնական դարձնել՝ կիրառելով յստակ եւ արդար չափանիշներ։ Բացի այդ, պէտք է հաստատուին կրթաթոշակներ՝ ուղղուած հայերէն գրելու, ստեղծագործելու եւ ընկերային գիտութիւններու, արուեստներու եւ այլ ոլորտներու մէջ զարգանալու հետամուտ երիտասարդներու։ Կրթաթոշակներէ օգտուած ուսանողները պէտք է կրթութիւնը աւարտելէ ետք վերադառնան համայնք եւ իրենց նպաստը բերեն կրթական կամ մշակութային գործունէութեան։
Կրթաթոշակը, որ ունի ուսանողին նիւթական բեռը թեթեւցնելու նպատակը, պէտք չէ ընկալուի՝ որպէս անվերադարձ նուէր։ Այս մօտեցումը կրնայ թուլացնել ուսանողին պատասխանատուութեան զգացումը։ Ահա թէ ինչո՛ւ կրթաթոշակները պէտք է առընչուին այնպիսի պայմաններու հետ, որոնք ուսանողը կը մղեն ապագայ գործունէութեան մէջ համայնքին օգտակար դառնալու։
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԹԻՒԻ ՆՈՒԱԶՈՒՄ
Վերջին տարիներուն՝ յատկապէս մեր նախակրթարաններու միջին դասարաններէն սկսեալ, աշակերտներու թիւի նուազումը շղթայուած ազդեցութիւն մը կը գործէ նաեւ լիսէներու վրայ։ Կարգ մը օտար վարժարաններ, որոնք անցեալին այդքան ալ նախընտրելի չէին, հակառակ իրենց պահանջած բարձր վարձավճարներուն՝ այսօր դարձած են ծնողներու կողմէ աւելի յաճախակիօրէն նախընտրուած։ Եթէ առկայ իրավիճակը հա՛րց չհամարուի եւ լուծման համար միասնական կամք չձեւաւորուի, ապա մօտաւոր ապագային աւելի շատ դպրոցներու փակման մասին քննարկումները անխուսափելի պիտի ըլլան։ Աշակերտութեան թիւի նուազման պատճառները հասկնալը այս հարցի լուծման առաջին քայլն է։ Այդ նպատակով անհրաժեշտ է ինքնաքննադատութենէ չխուսափիլ, հարցի իրական պատճառները ճշդել՝ առանց եսերը կամ հեղինակութիւնները խանգարելու։
Այս առումով մեր հիմնական խնդիրներէն մին վիճակագրական տուեալներու պակասն է. օրինակ՝ տեղեակ չենք, թէ մեր դպրոցներէն դուրս քանի՞ աշակերտ ունինք։ Նոյնպէս, այլ դպրոցներու մէջ կրթութիւն ստացած մեր աշակերտներու LGS եւ YKS քննութիւններու արդիւնքները ինչպիսի՞ն են։ Նախակրթութեան միջին դասարաններէն քանի՞ աշակերտ դուրս կու գայ, կամ քանի՞ ընտանիք զաւակները կը փախցնէ այլ դպրոց մը՝ սկսեալ նախակրթարանէ։ Այս բոլորը անորոշ է։
Մինչդեռ այսպիսի տեղեկութիւնները կրնան ապահովել ինքնաքննադատութեան կարեւոր ուղեցոյց մը։ Բաց աստի, մեր դպրոցները չնախընտրած ընտանիքներու հետ շփումը եւ իրենց նախընտրութեան պատճառները հասկնալը կրնան օգտակար ըլլալ։ Հարցը չի լուծուիր միայն ծնողները քննադատելով։ Իւրաքանչիւր ծնող, որ ունի իր զաւակներուն նկատմամբ լուրջ հոգածութիւն, բնականաբար, անոնց համար լաւագոյնը կ՚ուզէ։ Սակայն, նախընտրութեան պատճառները տարբեր կրնան ըլլալ եւ այդ նախընտրութիւնները ամենեւին ալ անսպասելի կամ անընդունելի կրնան չըլլալ։ Անշուշտ, կան ծնողներ, որոնք միայն հասարակական կարգավիճակի բարձրացման տպաւորութեան սպասումով իրենց զաւակները կ՚ուղարկեն օտար վարժարաններ։ Սակայն, ուրիշներ նոյնը կ՚ընեն բոլորովին տարբեր պատճառներով։ Այդ շարժառիթները հասկնալը մեծ օգուտ կրնայ բերել։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Կրթութիւնը, անկասկած, կարեւոր է ամէն հասարակութեան համար, սակայն, մեր համայնքին համար չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել, որ «կրթութիւնը միա՛յն կրթութիւն չի նշանակեր»։ Ան մեր գոյութիւնն ու մշակոյթի շարունակականութիւնը պահպանելու կարեւորագոյն միջոցն է։
Եթէ այս ճանապարհին աւելի յանձնառու ըլլանք՝ մեր միտքերը, միջոցները եւ ջանքերը միաւորելով, ապա կը յաջողինք մեր դպրոցներն ու մշակութային արժէքները յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու։
Տարեմուտի տրամադրութեամբ յուսանք, թէ շատ ուշ չէ։
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ