ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­ցեալ տա­րուան վեր­ջին օ­րը Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լուն եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Խում­բին միա­ցած էր նաեւ Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Յու­նուա­րի 17-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը՝ Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կալ­նե­րը նա­խօ­րէին փա­փա­քած էին այ­ցե­լել Պատ­րիար­քա­րան եւ հաս­տա­տու­թեան ներ­կայ վի­ճա­կին շուրջ փո­խան­ցել տե­ղե­կու­թիւն­ներ։

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կա­յա­նա­լիք հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գնա­հա­տեց Ղա­լա­թիոյ մէջ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը, յղեց իր յա­րա­տե­ւու­թեան մաղ­թանքն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016