ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Նոր տարուան աւանդական խրախճանքը։ Պոլսահայ վարժարաններու աշակերտները այս առթիւ միասնաբար ողջունեցին Կաղանդ պապուկը, որ իրենց յանձնեց յուշանուէրներ։ Խրախճանքին նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Խրախճանքի ընթացքին պոլսահայ վարժարաններու աշակերտները գործադրեցին յայտագիր մը, որուն մաս կը կազմեն արտասանութիւններ, պարեր եւ երգեր։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ այս առթիւ տղաքը իրեն յանձնեցին ամանորեան նուէրը։ Աւելի վերջ մեծ խանդավառութեամբ սրահ ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն՝ կրկնապատկելով անոնց ուրախութիւնը։ Խրախճանքի աւարտին մեր վարժարաններու տղաքը հրաժեշտ առին անբացատրելիօրէն խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Ամանորեան խրախճանքին մասնակցեցան նաեւ Սուրիայէն գաղթելով Թուրքիա հաստատուած կարգ մը հայ ընտանիքներ՝ իրենց զաւակներով, ար-ժանանալով ջերմ վերաբերմունքի։