ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՆՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած մանկանց Ամանորի աւանդական խրախճանքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան համայնքային բոլոր վարժարաններէն աշակերտական խումբեր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շրջապատուած էր հոգեւորականաց դասու անդամներուն կողմէ։ Ան դիմաւորուեցաւ փոքրիկներու երգեցողութիւններով եւ «Պէզճեան» սրահին մէջ իր պատգամը ուղղեց անոնց։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ամանորի առթիւ յորդորներ տուաւ համայնքի փոքրիկ անդամներուն, որոնց յղեց իր օրհնութիւնները, բարեմաղթանքներն ու շնորհաւորութիւնները։
Խրախճանքի ընթացքին ոգեւորութեան ալիք մը ստեղծուեցաւ, երբ Կաղանդ պապուկը մուտք գործեց սրահ։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը թողուց իր տեղը Կաղանդ պապուկին, որ մանուկներուն խրատներ տուաւ ու մանաւանդ՝ զանոնք հրաւիրեց ըլլալ հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները իրենց եկեղեցիին, ժողովուրդին, յաջող ու պատուաբեր անդամները իրենց պատկանած հաւաքականութեան եւ իրենց ընտանիքներուն։ Փոքրիկները մի առ մի յուշանուէրներ ստացան Կաղանդ պապուկին ձեռամբ՝ մինչ իրենց ելոյթներով արժանացան նաեւ ջերմ ծափահարութիւններու։
Գումգաբուի Ամանորի մանկանց աւանդական խրախճանքը այս տարի եւս պսակուեցաւ յաջողութեամբ՝ մինչ արձակման պահուն բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։