ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

«Հօր պատկերն ու կնիքը մեզի համար ծառայի կերպարան կ՚առնէ Կոյսէն եւ այրին մէջ կ՚իջեւանի եւ անբաններու մսուրը կը բազմի»։
(Աստուածայայտնութեան Ողորմեա շարականէն)

Մանուկի մը ծնունդը իրենց ծնողներուն եւ ընտանիքին մէյմէկ հրաշալի նուէր, մէյմէկ աւետիսներ են։ Ամէն զոյգ, որ զաւակ կը սպասէ, իր յոյսը իր զաւակներուն վրայ կը դնէ։ Ամէն զաւակ իր ծնողքին ծիները եւ բնաւորութիւնը իր վրայ կը կրէ, կը ստանայ անոնց նմանութիւնը, նաեւ կ՚առնէ իր ծնողաց կողմէ դրուած անունը։ Այս անունով, ձեւով մը, կ՚ամրապնդուի իրենց յոյսը եւ ակնկալութիւնը իրենց զաւակաց հանդէպ ու ծնողաց եւ մանուկի միջեւ այն անքակտելի կապը կը հաստատուի։

Այլեւս ծնողներ իրենց կարելիութեան չափով ամենէն յարմարաւէտ, գեղեցիկ եւ հանգիստ օրօրոցները եւ բնակարանները կը տրամադրեն իրենց զաւակներուն։

Ի հեճուկս բոլոր այս իրականութեանց, բոլորն ալ կը մնան իրենց ընտանեկան սահմաններուն մէջ, նոյնիսկ իրենց վրայ դրուած յոյսերը իրականանան կամ ոչ, անոնք ալ ժամանակի հոլովոյթով կը կորսուին ու պատմութիւն կը դառնան ժամանակի հոսանքին մէջ։

Աւետարան կարդալու կամ եկեղեցիէ ներս ունկնդրելու ժամանակ միայն սուրբ գործ մը կամ պահ մը ապրած ըլլալ կ՚ընդունինք եւ քիչեր կը մտածեն Աւետարանի խօսքերուն ու գործերուն վրայ։

Աւետարանը եւ մանաւանդ մանուկ Քրիստոսի ծնունդը բոլոր մարդկանց համար մեծ ու հրաշալի աւետիս մըն է։

Սրբազան հայրապետներ այս ուղղութեամբ խորհրդածողներ եղած են եւ իրենց այդ մտածողութիւնը իրենց սուրբ գրիչներու ծայրը հոգեւոր բանաստեղծութեան եւ աղօթքի ու հոգեւոր երգի վերածուած է, որ կոչուած է Շարական։

Շարականները ամփոփումներ եւ քաղուածքներ են, որոնք կը կաթին Սուրբ Գիրքի ուսումներէն ու իրենց խորհրդածութենէն։

Շարականները բերնէ թափած պարզ ու չոր երգեր չեն, այլ հայրապետներու տնկած ծառաստանէ ներս իրենց մէջ աւիշ ունեցող հոգեւոր պտուղներ են։

Բանաստեղծութիւն մը ինչպէս իր ստեղծողին միտքն ու ապրումները խորհրդաւոր կերպով կը փոխանցէ ընթերցողին, շարականներն ալ նոյնպէս հայրապետներու Սուրբ Գիրքէն ստացած խորհրդաւոր զգացումներու մէյմէկ հրաշալի ու եզակի օրինակներն են։

Երբ անգամ մը եւս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան առթիւ կը մտածենք, այս զգացումները մեր վրայ կը տիրէ վերեւ յիշուած ու Շարակնոցէ ընդօրինակուած տողերով։

Այս տողերը կը բացատրեն, թէ ո՞վ է Ծնողը։

Այսօր Յիսուս է, որ մեր երկնաւոր Հօր պատկերն ու կնիքը ըլլալով մեզի համար ծառայի կերպարան կ՚առնէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնէ, իսկ հակառակ մեր զաւակներու տրամադրուած հանգստաւէտ պայմաններուն, քարայրի մէջ կ՚իջեւանի եւ անասուններու պատկանող մսուրի մը մէջ իբրեւ բնակիչ կը բազմի։

Անոր անունը Աստուածային պատգամով իր ծնունդէն իսկ առաջ հրեշտակներու կողմէ աւետուած է, որ «Էմմանուէլ» պիտի անուանուի, որ նաեւ կը նշանակէ Աստուած մեզի հետ։ Եւ այսպէս Աստուծոյ եւ մարդկանց միջեւ այս հզօր անունի շնորհիւ անքակտելի կապը կը հաստատուի։

Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը թէեւ համեստ պայմաններու ներքեւ եւ սահմանափակ այցելուներու ներկայութեամբ պատահեցաւ, բայց, իր ծննդեան ազդեցութիւնը աշխարհով մէկ տարածուեցաւ եւ բազմեցաւ մարդկանց ընտանեաց մէջ։

Իսկ մեր երկնաւոր Հօր կողմէ իր որդոյն Յիսուսի վստահուած փրկութեան յոյսը ի դերեւ չելաւ եւ բոլոր մարդկութեան փրկութիւն բերաւ, եւ այս փրկութիւնը երբեք վախճան պիտի չունենայ, քանի Իրեն վստահածներուն հետ պիտի ըլլայ մինչեւ աշխարհի վախճանը։

Քրիստոսի Ծնունդը օրհնեալ ըլլայ,
Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Օրհնեալ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 4, 2025