ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Գերմանիոյ նորանշական աւագ հիւպատոս Տքթ. Ճորճ Պիրկելէնը։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց նորանշանակ աւագ հիւպատոսի այցելութեան կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր դիւանագիտական առաքելութեան համար։
Զրոյցի տեւողութեան Ընդհանուր Փոխանորդը հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ համայնքային կեանքին շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը մատնանշեց նաեւ համայնքային հաստատութիւններու բազմակողմանի գործունէութիւնը։
Հիւր աւագ հիւպատոսը ստորագրեց նաեւ Պատրիարքարանի պատուոյ տոմարը։