ՆՈՐ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

Սիրքեճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Անցեալ շաբթուան մէջ՝ 28 յունուարին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը մրցոյթ մը կազմակերպած էր՝ այս խանի վարձակալման համար։ Այս նախաձեռնութիւնը համարուած էր շատ ուշագրաւ, որովհետեւ դատական իշխանութիւնները տակաւին վերջնական որոշում մը չեն տուած՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ բացուած դատին համար։ Արդարեւ, Պատրիարքական Աթոռը երկար ժամանակէ ի վեր կը ձգտի իրաւական ճանապարհով վերաձեռքբերել Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը եւ այժմ այս գործը կը գտնուի Սահմանադրական ատեանի քննարկման ենթակայ։ Վերջին մրցոյթէն առաջ Պատրիարքական Աթոռը հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը՝ շեշտելով, որ դատական իշխանութիւններու կողմէ տրուելիք որոշման լոյսին տակ ապագային իրաւունքի կորուստ մը պիտի չունենայ։ Յամենայնդէպս, սա սկզբունքային դիրքորոշում մըն էր եւ 28 յունուարին այդ մրցոյթը տեղի ունեցաւ։ Հանրային կարծիքին գրեթէ որեւէ պաշտօնական տուեալ չներկայացուեցաւ այս խնդրին շուրջ։

Սանասարեան խանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները Ազգային մեծ ժողովէն ներս ալ օրակարգի վրայ բերուեցան ընդդիմադիր երեսփոխաններու կողմէ։ Այսպէս, ՀՏՓ-ական պատգամաւորներ Կարօ Փայլան եւ Թումա Չելիք հարցադրումներ հասցէագրեցին Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։

Մօտաւոր անցեալի այս իրադարձութիւններէն վերջ Կարօ Փայլան այսօր դարձեալ հարցադրում մը հասցէագրած է նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի նկատառման։ Ան դարձեալ շեշտած է, որ Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ դատավարութիւնը ընթացքի մէջ է, որպէսզի ան վերադարձուի հայ համայնքին։ Այս պայմաններու ներքեւ, 28 յունուար 2020 թուականին կազմակերպուած մրցոյթով այս խանը 35 տարուան ժամկէտով վարձուած է «Կափսան-Էսէրլէր» ընկերութեան։ Այս վերջինը 2005 թուականին նոյնպէս մըր-ցոյթով մը 25 տարուան ժամկէտով վարձակալած էր «4-րդ Վաքըֆ խան»ը, որ կը գտնուի Սանասարեան խանի հարեւանութեամբ։ Այդ ընկերութիւնը պատմական շէնքի վերանորոգութեան ժամանակ անդառնալի փոփոխութիւններ ընելով հանրային կարծիքի մօտ պատճառ դարձած էր «վերանորոգութեան աղէտի» մը վէճին։ Այս բոլորի լոյսին տակ ընդդիմադիր երեսփոխանը Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին հարց տուած է, թէ արդեօք իր գլխաւորած նախարարութիւնը պիտի վաւերացնէ՞ այդ մրցոյթի արդիւնքը։ 

Կարօ Փայլանի հարցադրումներուն մէջ թուարկուած են շարք մը հարցումներ։ Ան շեշտած է նաեւ, որ իր վարձակալած նախորդ խանի վերանորոգութենէն վերջ ստեղծուած կացութեան հետեւանքով «Կափսան-Էսէրլէր» ընկերութեան պարագան ներկայիս լուրջ մտահոգութեան առարկայ կը դառնայ հանրային կարծիքի մօտ։ Արդեօք Սանասարեան խանի պարագային ալ խնդրոյ առարկայ պիտի դառնա՞յ այդպիսի վիճելի վերանորոգում մը։ Նախարարութիւնը ի՞նչ նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնէ, որպէսզի պատմական Սանասարեան խանը վերանորոգուի բուն դիմագծին համապատասխան։ Այդ խանը յիշեալ ընկերութեան վարձակալուած է՝ պանդոկի վերածուելու համար։ Նախորդ վերանորոգութեան ժամանակ ծնունդ առած վէճերով հանդերձ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ «Կափսան-Էսէրլէր» ընկերութեան այդ մրցոյթին մասնակցելու հնարաւորութիւն ունենալը ինչպէ՞ս կը բացատրուի։ Նոյն ամբողջին մէջ Փայլան հարց տուած է, որ խնդրոյ առարկայ ընկերութեան նախորդ վերանորոգման աշխատանքները հակակշռուա՞ծ են եւ անցեալի գործադրութիւններու ուղղեալ հետաքննութեան մը ձեռնարկուա՞ծ է։ Երեսփոխանը հետաքրքրուած է նաեւ, որ ի՞նչ պատճառով Սանասարեան խանի վերաբերեալ մրցոյթը կազմակերպուած է մամուլին համար փակ։ «Կափսան-Էսէրլէր» ընկերութիւնը ի՞նչ պայմաններով դարձած է մրցոյթի յաղթողը։

Ի լրումն այս բոլորին, Կարօ Փայլան նախարարին ուղղուած հարցադրման մէջ ընդգծած է նաեւ կարեւոր հանգամանք, որ ուղղակիօրէն կ՚առընչուի մեր համայնքին։ Այսպէս, ան հարց տուած է, թէ եթէ շարունակուող դատավարութիւնը շահի, ապա Հայոց Պատրիարքարանը ի՞նչ պայմաններու ներքեւ յարաբերութիւն մը յառաջ տանիլ պիտի պարտաւորուի մրցոյթէն յաղթական դուրս եկած ընկերութեան հետ։  

Երեքշաբթի, Փետրուար 4, 2020