ՀԱԼԸՃԸՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, այս եկեղեցին ներկայիս ֆիզիքապէս գոյութիւն չունի, բարոյական առումով վերահաստատուած է Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, սակայն որպէս վարչական միաւոր՝ անոր վաքըֆը կը գործէ։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էր նաեւ իրաւաբան Էօմէր Քանթիք, որ թաղային խորհուրդին հետ կը համագործակցի։
Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ ծրագրերուն կապակցութեամբ։ Թաղականներու ներկայացուցած տեղեկութիւններու լոյսին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը յղեց յաջողութեան մաղթանքներ եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները։