ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց  թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձները։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 110-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 87-րդ կրկնակ տարեդարձները համընկնեցան Բուն Բարեկենդանին հետ։ Արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին լեցուն էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին դպրապետ Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, Ռոպէր Քիւչիւքաքպուլութ եւ Սայաթ Սրկ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Վարդանանց երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Ներկայ էր նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցիէն Մոնս. Նիքոլաուս Ուիրուոլ։ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ քաղաքապետական խորհուրդէն Վազգէն Պարըն եւս մասնակցեցան արարողութեան։ Նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան դպրաց դասու հոգելոյս հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, երաժշտապետները, վարչայինները, անդամներն ու սատարողները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Տարեդարձի ճաշկերոյթին եւս նախագահեց ընդհանուր փոխանորդը, որու կողքին էին հայր սուրբը, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի անդամներուն առընթեր քոյր դպրաց դասերէն ալ ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր համա-խըմբուած էին սեղաններուն շուրջ։

Յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ Շանթ Էսմէրի դաշնակի նուագներով։ Հանդիսավարն էր Դալար Տուման։ Ալէն Հաճընլըեան ներկայացուց տնօրէն խորհուրդի գործունէութեան տեղեկագիրը։ Դպրապետ Սեդրակ Տավութհան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանն ալ արտասանեց սրտի խօսքը։ Մեներգներով հանդէս եկան երգչախումբի մենակատարներէն Ալիս Շահինօղլու եւ Լիւսի Գահվէճիօղլու։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, տարեդարձի յայտագիրը ընդգրկեց Բարեկենդանի խրախճանքի բաժին մը, որ պատրաստուած էր Սարօ Սիրականեանի ջանքերով։ Յայտագրի տեւողութեան հնչեցին զանազան երգեր ու ներկաները ունեցան հաճելի ժամանց։

Հուսկ բանքը արտասանեց  Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019