ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐ
Պէյօղլուի ընտանիքը այս շաբաթավերջին նշեց Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ լուսաւորիչներ» խորագրով համերգ մը, որ յատկանշական էր յոբելենական ծրագրի շրջանակէն ներս։
Հանդիսութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Համերգի հրաւիրեալներու շարքին էին Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական փոխանորդ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտը, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պէյօղլուի շրջանի Անդէաս Մետրապոլիտը, Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քորեպսկ. Չանլըն եւ Հայ Կաթողիկէ առաջնորդական փոխանորդ Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամներ, Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը, Պէյօղլուի շրջանի քոյր եկեղեցիներէ հոգեւորականներ եւ վարչայիններ, երաժշտասէր հասարակութիւնն ու երգչախումբի համակիրները։
Յայտագրի սկիզբին երգչախումբի երիտասարդ անդամներէն Թալիա Սիրեմ Էրոլ եւ Ալէն Զինզալ արտասանեցին բացման խօսքը։ Անոնք յայտնեցին, թէ ձեռնարկի մասնակից հինգ երաժիշտներ իրենց ընտանիքի մէջ ունին Լուսաւորիչ երգչախումբէն անդամներ եւ կամ անոնք հասած են Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբէն։ Ապա, կարգաւ բեմ բարձրացան Նայեատ Քալայլը (ջութակ), Նայիրի Քալայլը, Ժերոմ Շիմշէքչաք, Ատիս Տողանայ եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու (դաշնամուր)։ Անոնք դասական երաժշտութենէն օրինակներ հրամցուցին ներկաներուն։ Հանդիսութեան երաժշտական պատասխանատուն էր Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։ Տղաքը իրենց տաղանդով մեծապէս գնահատանքի արժանացան եւ ծափերը խլեցին ներկաներէն։
Հանդիսութեան աւարտին երիտասարդներ ստացան յուշանուէրներ ու յուշագրեր։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ Յակոբ Մամիկոնեանին յանձնուեցաւ երգչախումբին յուշանուէրը։ Յակոբ Մամիկոնեանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից երիտասարդներուն։ Ան նաեւ երախտիքով անդրադարձաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին, որու տեսլականով եւ երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի գործակցութեամբ կեանքի կոչուած էր սոյն երեկոն։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ շեշտեց, որ դասական երաժշտութիւնը ո՛չ միայն տարեցներու, այլեւ երաժշտասէր երիտասարդներու համար հաճելի է։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Այսօր այս երիտասարդները իրենց հանճարով լաւագոյնս ցոյց տուին, թէ անոնք շրջանցած են սիրողականութեան աստիճանը եւ վարպետի նմանութեամբ սկսած են մատուցանել իրենց տաղանդը։ Հարկաւ, սա լուրջ աշխատութեան մը արդիւնքն է, նաեւ գնահատելի»։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի 95-ամեակին եւ ըսաւ, թէ այս երգչախումբը Պոլսոյ լաւագոյններէն մին ըլլալ կը շարունակէ՝ իր անունը տարածելով նոյնիսկ արտասահմանի մէջ։ Իր խօսքով՝ սա պատիւ է նաեւ հայ համայնքին։ Հուսկ, ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կազմակերպչական եւ առաջնորդական ծառայութեան մասին։
Հանդիսութեան աւարտին երգչախումբի անդամները երգեցին «Սիոնի» երգը՝ Ատիս Տողանայի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։