ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին յա­ջոր­դած ա­ռա­ջին Կի­րա­կիին՝ Նոր Կի­րա­կի օ­րը, ե­րէկ, Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոց Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Լու­սա­ւո­րիչ երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ա­րէտ Պոզ­թա­շի։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ հան­գու­ցեալ սա­տա­րող­նե­րը։

Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016