Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 161-րդ տարեդարձին առթիւ ստեղծուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ժիլպէռ Սրկ. Քարափեքմէզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Վառվառեան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Եդուարդ Պետոյեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտաշէս Եահնիեանի։ Հանդիսադիր Սրբազան Հայրը, որ տուաւ օրուան պատգամը, ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց Երուանդ Դպիր Չիյտէմին։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Նորին Սրբազնութիւնը, իր կողքին ունենալով հոգեւոր հայրերը։ Գումգաբուի Դրսի թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թաւրա եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շարքին կը գտնուէին բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։
Հաւաքոյթի ընթացքին Վարուժան Թաւրա հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան նշեց, թէ ինք եւ իր ընկերները տասնութ տարիէ ի վեր կ՚աշխատին Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն համար սրտամօտիկ ուխտավայր մըն է այս գողտրիկ եկեղեցին, որու սրահին դռներն ալ բաց են հաւասարապէս բոլորին։ Ատենապետը խօսեցաւ վերջին տարիներու բարեփոխումներու մթնոլորտին մէջ եկեղեցապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով տարուած աշխատանքին եւ անոնց դրական արդիւնքին շուրջ։ Ան տեղեկացուց, թէ եկեղեցւոյ յարակից երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը յառաջիկայ կրթական շրջանէն սկսեալ պիտի տրամադրուի «Հրանդ Տինք» վարժարանին, ուր կ՚ուսանին Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներուն երախաները։ Ատենապետը նշեց, թէ այս ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեամբ եւ իրենց խորհուրդի հաւանութեամբ։
Այս ելոյթէն վերջ Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան հանդէս եկաւ եւ Վառվառեան երգչախումբի վաստակաշատ անդամներէն Կարպիս Մոսկոֆեանը հրաւիրեց մեներգի։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ հուսկ բանքի ընթացքին անդրադարձաւ Կրկնազատկին ու ուրախութեամբ անդրադարձաւ «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտներուն համար պատրաստուած նոր շէնքին։ Նորին Սրբազնութիւնը այս կապակցութեամբ ընդգծեց նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի դերակատարութիւնը։ Ան գնահատեց այն անանուն բարերարը, որ պատրաստակամ եղած է հոգալու շէնքի վերանորոգութեան ծախսերը։ Յառաջիկայ տարի այնտեղ պիտի ուսանին 150 երախաներ։
Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, թէ Հայաստանէն այլեւս պէտք է դադրի արտագաղթը։ «Մենք չենք ուզեր, որ մարդիկ գաղթեն, ընդհակառակն՝ մեր փափաքն է, որ այնտեղ մնան, Հայաստանի հողին վրայ ըլլան՝ որքան որ ալ պայմանները ըլլան դժուար։ Անոնք մեր քոյրերն ու եղբայրները, ազգակիցները, արենակիցներն են։ Արդէն շատեր դուրս եկած են Հայաստանէն։ Մենք չենք ուզեր, որ գաղթեն աշխարհի չորս ծագերը, այլ մնան Հայաստանի մէջ ու շէնացնեն երկիրը», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Օրուան հանդիսութիւնները Տէրունական աղօթքով հասան իրենց աւարտին։