ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս փոքրամասնական հաւաքականութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք Ս. Զատկի տօնին առթիւ յղեցին շնորհաւորութիւններ։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ հոգեւորականաց դասէն անդամներ։
Օրուան տեւողութեան Ս. Զատկի տօնը շնորհաւորելու համար Պատրիարքարան այցելեցին Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսաք Հալեւա, Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին եւ այլ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։ Բաց աստի, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան Պատրիարքարան փութացին՝ շնորհաւորելու համար մեր համայնքին Ս. Զատիկը։ Այլ քաղաքապետարաններու կողմէ ալ Գումգաբու այցելեցին ներկայացուցիչներ։
Օրուան առաջին կէսի այս հանդիպումներէն վերջ յետմիջօրէին Պատրիարքարան այցելեցին իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Աւանդական այս այցելութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ողջունեց բոլորը եւ Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքը։ Ան անդրադարձաւ մեր համայնքային կեանքէ ներս կանանց ստանձնած կարեւոր դերակատարութեան ու մաղթեց, որ անոնց գործունէութեան դաշտը աւելի արդիւնաբեր դառնայ։ Ողջոյնի խօսքէն վերջ տիկինները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան համայնքային, եկեղեցական եւ մշակութային հարցերու շուրջ։ Միասնաբար երգուեցաւ «Գովեա Երուսաղէմ» շարականը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բոլորին բաժնեց Ս. Զատկուան հաւկիթներ։
ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ փոխադարձեց հրէից րաբունապետի այցելութեան։ Նկատի ունենալով, որ հրեայ համայնքն ալ կը նշէ Պասեքի տօնը՝ նորին սրբազնութիւնը այցելեց Խախամապետարան, ուր մեր համայնքին անունով փոխանցեց շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ։ Ընդհանուր փոխանորդին ընկերացաւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Թրքահայ կեանք
- 12/02/2024