ԿՈՐՈՒՍՏ, ԶՐԿԱՆՔ…

Թրքահայ կեանքէն ներս ցնցում է. շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց յայտնի գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեան։ 83 տարեկան հասակին կեանքէն հրաժեշտ առաւ Մկրտիչ Մարկոսեան, որու մահը միայն կորուստ մը չէ, այլեւ զրկանքի նշանակութիւն ունի մեր հաւաքական կեանքին տեսակէտէ։ Մկրտիչ Մարկոսեանի մահով թրքահայութեան երկնակամարէն կը սահի աստղը՝ իմաստութեան կերպարի մը, տիպար մտաւորականի մը, որ ստեղծագործական ամբողջ կեանքի տեւողութեան հաւատարիմ մնաց իր սկզբունքներուն, աշխարհահայեացքին, եղաւ համակեցութեան ջատագով եւ խաղաղասիրական պատգամով միշտ պատկառանք ազդեց բոլորին։

Մկրտիչ Մարկոսեան Տիգրանակերտի վերջին վկան էր։ Իր վկայութիւնը չէր սահմանափակուեր միայն Տիգրանակերտի անցեալի հայկական փայլուն ապրումներով եւ ներկայութիւնով, այլեւ իր ծածկոյթին տակ կ՚առնէր երբեմնի մեր հայաբնակ գաւառներու պատգամն ու ամբողջ մնացորդացը։ Մարկոսեան երկրաւոր կեանքէ այս տխուր հրաժեշտով՝ կ՚աւանդէ վիթխարի վաստակ մը, որ հայ գիւղագրութեան արդի շրջանի առանցքը բնորոշած ծաւալուն արտադրանքով արժանացած է համատարած գնահատանքի, լրացուած է զանազան ժողովուրդներու կողմէ ու տակաւին կ՚արժեւորուի ժամանակներու հոլովոյթին մէջ։ Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինած է, որ Մկրտիչ Մարկոսեան մեզմէ անվերադարձ կը բաժնուի իր ծննդավայրի՝ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման յառաջիկայ օրերու արարողութիւններու ճիշդ նախօրեակին։

Մկրտիչ Մարկոսեան ծնած էր Տիգրանակերտ, 1938 թուականին։ Յաճախած էր ծննդավայրի դպրոցը, այնուհետեւ Պոլիս հաստատուելով՝ աւարտած Պէզճեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Իսթանպուլի համալսարանէն ներս ուսանած էր փիլիսոփայութիւն։ 1966-1972
 թուականներուն
վարած էր  Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէնի պաշտօնը,
միեւնոյն ժամանակ, դասաւանդելով փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, հայոց լեզու եւ գրականութիւն։

Մարկոսեան գրական արտադրանքի սկսած էր տակաւին Կեդրոնականի աշակերտութեան օրերուն։ 1959-ին Վարդերես Գարակէօզեանին հետ հրատարակած էր «Թօ» ամսագիրը։ Այնուհետեւ հայերէն եւ թրքերէն յօդուածներով ու գեղարուեստական գործերով սկսած էր աշխատակցիլ պոլսահայ մամուլին։ ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մարմարա» օրաթերթերուն մէջ տպագրուած հայերէն պատմուածքներու մէկ մասը հրատարակած էր «Մեր այդ կողմերը» անուանեալ գիրքին մէջ, 1984-ին։ Այս գործը 1988-ին արժանացած էր «Էլիզ Քաւուքճեան» գրական մրցանակին (Փարիզ, Ֆրանսա)։

Իր գործերու շարքին առաջին հայեացքով կարելի է վերյիշել՝ «Կեաւուր թաղ»ը (1992), «Տիգրիսի ափերէն»ը (1999), «Համրիչի հատիկներ»ը (2006), «Զուռնա»ն (2009), «Ատամնափորիչ»ը (2010), «Կեռիքով ասեղ»ը (2010)։ 2010-ին «Կեաւուր թաղ»ի հայերէն, թրքերէն եւ քրտերէն տարբերակները հրատարակուած էին մէկ հատորով։

Աշխատակցած էր ԺԱՄԱՆԱԿ, «Մարմարա», «Ակօս», «Կիւնտեմ», «Ենի Եիւզեըլ» եւ այլ թերթերու։

Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Մարկոսեան ծննդավայրը՝ Տիարպաքըրը (Տիգրանակերտ) կը ներկայացնէր ամբողջական ձեւով խայտաբղէտ համայնապատկերի մը վրայ, ուր կը տողանցէին հայեր, ասորիներ, քաղդէացիներ, հրեաներ, եզիտիներ, թուրքեր ու քիւրտեր։ Ան այդ չափազանց կարեւոր վկայութիւնը կը բերէր՝ իրեն բնորոշ լեզուով ու ոճով։

2013 թուականին Մկրտիչ Մարկոսեան 17-րդ դարու Աւետարան մը նուիրած էր Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին։ Հնատիպ այդ Սուրբ Գիրքը դիպուածով յայտնաբերած էր այդ նուիրատուութենէն 12 տարի առաջ եւ իր ներքին մղումով յարմար դատած էր, որ ան տեղ գտնէ Սուրբ Կիրակոսի աւանդատան մէջ։

Մկրտիչ Մարկոսեան յաջողած էր մէկ կողմէ բացուիլ լայն հասարակութեան, զանազան լեզուներու թարգմանուելով դառնալ լայն զանգուածներու սեփականութիւնը, ըլլալ համատարած հետաքրքրութեան առարկայ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, երբեք չէր հեռացած հարազատ ժողովուրդէն։ Այս երեւոյթը հայ իրականութեան մէջ իսկապէս հազուադէպ է։ Մարկոսեան միշտ կը հետեւէր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւններուն, որոնց մասին միշտ ունէր իր խօսքը, իսկ, ընդհանրապէս, իր զգայնութիւններուն վերաբերեալ ամենաշօշափելի պատգամը կու տար «Արաս» հրատարակչութեան բովով ծաւալած գործունէութեամբ։ Ճիշդ է, որ շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր «Արաս»ի արձանագրած վերելքին մէջ դեր ունեցած են երախտաշատ բազում անուններ, սակայն, Մարկոսեանի ներկայութիւնը, շունչը իսկական ուղեցոյցի համազօր էր եւ «Մկօ աղբարիկ»ի ներշնչանքը դժուար թէ հաւասարակշռուէր այլ գործօնով մը։

Տասնեակ տարիներու իր ստեղծագործական կեանքին տեւողութեան արժանացած էր զանազան պարգեւներու եւ մրցանակներու։

Թէեւ տարիքը յառաջացած էր, սակայն, ըստ էութեան, առողջական անտանելի հարցեր չունէր։ Դժբախտաբար, վերջին շուրջ մէկ շաբթուայ ընթացքին առողջական վիճակը անակնկալօրէն վերիվայրումներ արձանագրած էր եւ Մկրտիչ Մարկոսեան փոխադրուած էր հիւանդանոց, ուր կատարուած մասնագիտական միջամտութիւնները եւ հարազատներուն կողմէ ցուցաբերուած հոգածութիւնն ու խնամքը դժբախտաբար բաւարար չեղան փրկելու համար իր կեանքը։ Այսպէսով, 2 ապրիլ 2022 թուականը թրքահայ տարեգրութեանց մէջ դարձաւ այն տխուր օրը, երբ Մկրտիչ Մարկոսեան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, ընթերցողները եւ ամբողջ սիրելիները։

Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռի բարձր տնօրինութեամբ Մկրտիչ Մարկոսեանի համար կարգադրութիւն եղած է, որպէսզի երախտաշատ գրողին հրաժեշտ տրուի ազգային յուղարկաւորութեամբ։

Այս տխուր առթիւ յաւիտենական հանգիստ կը հայցենք Մկրտիչ Մարկոսեանի հոգւոյն՝ մեր խոնարհումը բերելով իր անթառամ յիշատակին առջեւ։ Խորազգած վշտակցութիւն կը յայտնենք իր ազնուափայլ այրիին, համայն ընտանիքին, «Արաս»ի խմբագրութեան ու մասնաւորապէս իր եղբօր՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի այնքան սիրելի բարեկամներէն նոյնպէս մտաւորական եւ հրատարակիչ Արտաշէս Մարկոսեանի եւ կողակցին՝ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի բազմամեայ երախտաշատ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022