Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՈՉ ԵՒՍ Է ՅԱՅՏՆԻ ԴԵՂԱԳՈՐԾ ԱՆԻ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յայտնի դեղագործներէն Անի Համամճեան։ Այս կորուստը իսկապէս խոր ցաւ յառաջացուցած է, որովհետեւ Անի Համամճեան թէ՛ իր ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններով ծանօթ էր եւ թէ արժանացած էր բոլորի համակրանքին։ Տասնամեակներ շարունակ ան մեր համայնքային ապրումներուն մէջ տեղ ունեցած էր՝ մասնաւորապէս Գնալը կղզիի իր «Անի» դեղարանով։ Կղզիի վրայ Անի Համամճեանի դեղարանը երկար ժամանակ Կազդուրման կայանի մանուկներուն համար ալ խնամքի եւ հոգածութեան լծակ մը դարձած էր։
Այս դառն կորուստին առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր ամուսնոյն՝ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանին։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022