ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ՝ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ տօ­նուե­ցաւ Մայ­րե­րու օ­րը։ Այս­պէս, ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը Մայ­րե­րու օ­րուան առ­թիւ յայ­տա­գիր մը պատ­րաս­տե­ցին եւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց մայ­րե­րուն եւ ու­սուց­չաց կազ­մին:             

Վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ կա­յա­ցած հան­դէ­սը սկսաւ մարմ­նա­մար­զա­կան ե­լոյթ­նե­րով: Տղա­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ ցու­ցադ­րե­ցին ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­մը: Յե­տոյ ա­նոնք հան­դէս ե­կան ո­տա­նա­ւոր­նե­րով, եր­գե­րով, պա­րե­րով ու ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թիւն մը։ Յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցան նաեւ յու­զում­նա­լի պա­հեր:

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին Է­սաեան վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ խօսք առ­նե­լով նախ շնոր­հա­ւո­րեց ծնող­նե­րուն Մայ­րե­րու օ­րը, ա­պա գնա­հա­տեց ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն տա­րած յա­ջող աշ­խա­տան­քը:

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը ի­րենց ձե­ռա­կերտ նուէր­նե­րը յանձ­նե­ցին ի­րենց մայ­րե­րուն։

Ծնող­նե­րը մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ բաժ­նուե­ցան վար­ժա­րա­նէն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 4, 2016