ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Սա անոնց համար իւրայատուկ հանդիսութիւն մըն էր։ Իրենց կրթական կեանքի առաջին տարուան աշխատանքի արդիւնքը առաջին դասարանի փոքրիկները ներկայացուցին յատուկ հանդէսով մը։ Ձեռնարկը ինչպէս իրենց տեսակէտէ յատկանշական էր, նոյնքան մեծ զգացական նշանակութիւն կը ներկայացնէր փոքրիկներու ծնողներուն տեսակէտէ։

Առաջին դասարանի ընթերցման տօնը ընդհանրապէս դպրոցէն ներս ալ մեծ խանդավառութեան առիթ ստեղծեց։ Դասարանի ուսուցչուհի Վերա Հեմենկիւլ հանդէսի ընթացքին ողջունեց ներկաները։ Արտայայտուեցաւ նաեւ դասարանի թրքերէնի ուսուցչուհին՝ Նիլայ Մութլու։

Յայտագրի ընթացքին նուագներով հանդէս եկան Արիանա Էմիրզէօղլու, Առնօ Մարաշլեան, Արտա Տինտար, Ռոյ Փեշտեմալճըկիլ, Պորան-Մահիր Սիւսլիւ։ Տղաքը ներկայացուցին նաեւ պարեր։ Ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որով ներկաները վերյիշեցին անցեալ աշխատանքային տարուան վերաբերեալ յատկանշական դրուագներ։ Փոքրիկները հանդէս եկան նաեւ զանազան ընթերցումներով։ Մինչ այդ, դպրոցի սրահի մուտքին ալ ցուցադրուեցան անցեալ շրջանին անոնց կողմէ իրականացուած ձեռական աշխատանքները։

Դպրոցի սրահին մէկ անկիւնը այս հանդէսին առթիւ զետեղուած էր անպտուղ ծառ մը։ Հանդէսի միջոցին բոլոր աշակերտները իրենց կարմրցուցած խնձորները ծառէն կախեցին եւ այդ ծառը վերածուեցաւ խնձորենիի մը։ Սա փոքրիկներուն տեսակէտէ իսկական անակնկալ մըն էր, ինչ որ կրկնապատկեց անոնց խանդավառութիւնը։

Ընթերցման տօնի յայտագիրը եզրափակուեցաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի շնորհաւորութեան խօսքով։ Ան բարձր գնահատեց փոքրիկ արամեանցիներուն կողմէ անցեալ տարուան ընթացքին տարուած աշխատանքը եւ անոնց յանձնեց յուշատետրեր։ Այդ յուշատետրերուն առաջին էջերուն կը գտնուէին Թալին Պէրպէրօղլուի, Վերա Հեմենկիւլի, ինչպէս նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէքի կողմէ բարեմաղթանքներ։

Ընթերցման տօնին ներկայ գտնուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, Սարվէն Սերթշիմշէք, ուսուցչաց կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ, փոքրիկներու ընտանեկան անդամները եւ հիւրեր։ Հանդէսի աւարտին դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Բացօթեայ այս հաւաքոյթի ընթացքին եւս շարունակուեցաւ նոյն ոգեւորութիւնը, մինչ բոլորը սիրով շրջապատեցին առաջին դասարանի փոքրիկները՝ անոնց յաջողութիւն մաղթելով ուսման կեանքի յառաջիկայ բոլոր փուլերուն համար։

Շաբաթ, Մայիս 4, 2019