ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՆՈՒԱՐԴ ԱՒԵՏԻՔՕՂԼՈՒԻ ՄԱՍԻՆ ԴՐՈՒԱՏԱՆՔԻ ՏՈՂԵՐ

Համակրելի մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուի յաջողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ վերջերս իր մասին դրուատալի եւ ծաւալուն յօդուած մը լոյս տեսած է Պէյրութի «Խօսնակ» պարբերաթերթին մէջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նուարդ Աւետիքօղլուի մասին հրապարակուած այս յօդուածը։

Կեանքի մէջ յաճախ, մեր կեանքէն անկախ կ՚ունենանք այնպիսի պարագաներ կամ հանգամանքներ, որոնք կը ստիպեն մարդուս, ժամանակի մը համար կենալու, դադար առնելու եւ ապա գնահատելու ամբողջ անցեալ երէկը՝ իր իրադարձութիւններով, տաք թէ պաղ երեսներով, բայց շատ յաճախ անկէ քաղելու համար ուսանելի դասեր։

Բովանդակ աշխարհի բնակչութեան համար 2020 տարին հանդիսացաւ փորձութիւններու ու փորձանքներու անսպասուած տարի մը եւ մարդ արարածը դիմագրաւեց մեծ-մեծ մարտահրաւէրներ, որոնց ազդեցութեան տակ ալ պահ մը կանգ առաւ կեանքը եւ ողջ մարդկութիւնը ցնցուեցաւ՝ տեղի ունեցած արտասովոր «երկրաշարժներուն» պատճառով։ Խօսքս, բնականաբար կը վերաբերի առաջին հերթին քորոնաժահրին, որ անշարժացուց աշխարհը, քանդեց տնտեսութիւններ եւ խլեց բազմահազար մարդկային անմեղ զոհեր։

Սակայն, նոյն վարակի պատճառով, երբ մարդիկ հարկադրուած էին ժահրէն խուսափելու համար մնալ եւ «բանտարկուիլ» տուներու մէջ, նոյն ժամանակահատուածին, շնորհիւ փորձագիտութեան ընձեռած առաւելութեան, մարդիկ հնարաւորութիւն ունեցան հաղորդակցելու մէկզմէկու հետ՝ «ուաթսափ»ով, «ֆէյսպուք»ով, «թուիթըր»ով կամ այլ, եւ շատ յաճախ ալ ժահրը առիթ ընծայեց շատերուն, դիմատետրի միջոցաւ ծանօթանալու իրարու հետ, բարեկամութիւններ հաստատելու եւ նաեւ՝ աշխարհին ծանօթացնելու մարդկանց ունեցած թաքուն ձիրքերը։

Եւ արդարեւ, նման բարի եւ հաճելի առիթ մը ներկայացաւ ինծի եւ ես պատահմամբ ճանչցայ պոլսահայ շնորհալի երգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուն, երբ ան իր թաւշային քաղցր ձայնով ու մանաւանդ իր «Արշալոյս էր, նոր էր բացուել» երգով հաճոյացուց բազմահազար դիմատետրի ունկնդիրներ, որոնց տրամադրութիւններուն ցանելով հայ երգի ամբողջական հմայքն ու քաղցրութիւնը։

Նուարդ Աւետիքօղլուի անձին, կենսագրականին եւ անոր երգարուեստին ծանօթ չենք դժբախտաբար։ Ցաւալիօրէն, պիտի աւելցնեմ նաեւ, որ ծանօթ չենք ընդհանրապէս սփիւռքահայ գաղթօճախներու պատմութեան, նոյնիսկ Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներուն, անոնց կառուցուածքներուն եւ այդ գաղութներէն ներս գոյութիւն ունեցող հայկական կեանքերուն ու անցուդարձերուն։ Ուրախութիւն է մեզի, որ երբեմն-երբեմն անհատ գրիչներու, սիրող արուեստագէտներու եւ խանդավառ երիտասարդներու ճիգերուն ու ճիչերուն շնորհիւ կը ծանօթանանք գաղութներուն եւ անոնց աշխոյժ գործունէութեանց։

Ինչ կը վերաբերի Նուարդ Աւետիքօղլուի երգին ու երգելու եղանակին, ուրախութեամբ պիտի արձանագրեմ, որ ան ունի հայ երգի մեղեդիները մեկնաբանելու բացառիկ ու իւրայատուկ կարողութիւն, գեղեցիկ ու հարուստ որակաւոր ձայն եւ ատակ՝ հաղորդականութիւն ստեղծելու ունկնդիրին ու ակնդիրին հետ, կամրջելով ունկնդիրը՝ հայ երգի ակունքներուն։

Իսկ անդրադառնալով Նուարդի կենսագրական գիծերուն, ան ծնած է արեւմտահայութեան մշակոյթի երբեմնի, նաեւ այսօրուան խոշոր անդաստաններէն մէկուն՝ Պոլսոյ մէջ եւ հասակ առած է ազգասէր ու եկեղեցասէր տոհմիկ ընտանիքի մը մէջ։ Անոր մանկութիւնը փոքր տարիքէն առընչուած է հայկական կեանքի հետ, երբ ան որպէս դպրուհի կը մասնակցէր եկեղեցական պատարագներուն։ Ան մանուկ հասակէն սիրած ու հետեւած է մարմնամարզութեան եւ ուրեմն դարձած լողորդ՝ իր եղբօր հետ։ Նուարդ իր նախնական ուսումը ստացած է Սկիւտարի Ներսէսեան, միջնակարգ ուսումը՝ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարաններէն, իսկ երկրորդականը Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ։ Ապա բարձրագոյն ուսման համար գացած է «Անատոլու» համալսարանը եւ հետեւած է տնտեսագիտութեան։

Երգարուեստի ծիրէն ներս սակայն, ան ինչպէս կ՚երեւի, փոքր տարիքէն սիրած է երգն ու երաժշտութիւնը եւ սկսած է երգել, այդ տրամադրութեամբ ալ մաս կազմած է Սայաթ Նովա երգչախումբին։ Ան ուրախութեամբ ու մեծ հպարտութեամբ կը յիշէ, որ Պոլսոյ մէջ անուանի երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 77-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն-համերգին բեմ բարձրացած է ու երգած՝ հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ Յովհաննէս Պատալեանի կողքին։ Որոշ ժամանակ, որպէս հիւր մեներգչուհի մաս կազմած է «Քնար» նուագախումբի երգահանդէսներուն ու ելոյթներուն եւ մեներգած։ Որպէսզի ապագային ունենայ աւելի փայլուն յաջողութիւն եւ յաջող ելոյթներ, հետեւած է ու մինչեւ օրս ալ կը հետեւի ձայնամարզութեան։ Սակայն, անձնական յարգելի պատճառներու բերումով, որոշ շրջան մը հեռու մնալէ ետք երաժշտական ծիրէն, ու երկար շունչ ու դադար առնելէ ետք, անսալով սրտին փափաքին ու հոգիի ձայնին, ան կրկին վերադարձած է երաժշտական ասպարէզ, եւ դարձած է փնտռուած ու գնահատուած մեներգչուհի պոլսահայ գաղութէն ներս, զարդարելու բեմերը եւ հմայելու պոլսահայ երաժշտասէր հասարակութիւնը։

«Խօսնակ»ի խմբագրութիւնը զայն ծանօթացնելէ ետք իր ընթերցողներուն, յաջողութիւն կը մաղթէ շնորհալի երգչուհիին, սպասելով ու ակնկալելով մանա-ւանդ, որ ան շուտ հասնի իր փայփայած երազներուն։

Հ. Մ.

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021