Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲԵՂԱՅ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է, յոյն եւ ասորի եկեղեցիները Ս. Յարութեան տաղաւարը կը տօնեն ըստ Հին տոմարի։ Յուլեան տոմարի Ս. Զատիկը այս տարի զուգադիպեցաւ մայիսի 2-ի կիրակիի։ Ըստ աւանդութեան՝ յոյն եկեղեցւոյ տաղաւարի արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայ եկեղեցին։

Այս տարի ընդառաջելով Յունաց Պատրիարքարանի հրաւէրին, միայն Ֆէնէրի Ս. Գէորգ աթոռանիստ մայր տաճարի մէջ կատարուած արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Պատրիարքական Աթոռը։ Յանուն Պատրիարքարանի, արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Արթիւր ուրարակիր դպիր Պաղտասարեան։ Յընթացս արարողութեան, զանազան լեզուներով ընթերցուած սուրբգրային բաժիններու կարգին, հայր սուրբը հայերէնով ընթերցեց Աւետարանը։ Մինչ այդ, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. յունաց ծայրագոյն պատրիարքին փոխանցեց նաեւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ։

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021