ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳԻՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

«Ա­մէն ինչ գի­տու­թեան հա­մար» կար­գա­խօ­սով Է­սաեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ սկսաւ «Լոյ­սի տա­րուան» ձօ­նուած գի­տա­կան ե­ռօ­րեայ խրախ­ճան­քը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի հին­գե­րորդ ան­գամ։ Է­սաեա­նի լի­սէի բաժ­նի ա­շա­կերտ­նե­րը այս շրջագ­ծով վար­ժա­րա­նի զա­նա­զան դա­սա­րան­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցին շատ հե­տաքրք­րա­կան ծրագ­րեր։ Գի­տա­ժո­ղո­վի օ­րե­րուն հա­մայն­քա­յին միջ­նա­կար­գե­րու եօթ­նե­րորդ եւ ու­թե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը կ՚այ­ցե­լեն Է­սաեան, տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը քա­ղեն ծրագ­րե­րուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015