ՀԻՒՐԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱԺԻՆ

Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պատ­րիար­քա­րա­նի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջերս տա­րուե­ցան շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնց ար­դիւն­քին ստեղ­ծուե­ցան չորս հիւ­րա­սե­նեակ­ներ, ըն­դար­ձա­կուե­ցաւ գրա­դա­րա­նը, նաեւ պար­տէ­զի ե­տե­ւի մա­սի բա­ժան­մուն­քը վե­րա­նո­րո­գուե­ցաւ ընդ­հան­րա­պէս։ Այս բո­լո­րին ար­դիւն­քը ծա­նօ­թաց­նե­լու նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թը, որ նա­խա­տե­սուած էր ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կի մը հա­մար։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տան­տի­րու­թեամբ սար­քուած ըն­դու­նե­լու­թեան պա­տուոյ հիւրն էր Ֆա­թի­հի քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Տէ­միր, ո­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ կեան­քի կոչուած էր շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տան­քը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, վե­ղա­րա­ւոր հայ­րեր եւ քա­հա­նա­յից դա­սէն ան­դամ­ներ։ Հրա­ւի­րեալ­նե­րու շար­քին էին նաեւ ծրագ­րին բա­րե­րար­նե­րը, նաեւ ճար­տա­րա­պետ Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօզ։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Մուս­թա­ֆա Տէ­մի­րի վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար եւ ի­րեն յանձ­նեց յու­շա­նուէր մը։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բարձր գնա­հա­տեց մեր բա­րե­րար­նե­րուն կող­մէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, նաեւ Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօ­զի դրսե­ւո­րած ծա­ռա­յու­թեան ո­գին՝ բո­լո­րին յանձ­նե­լով օրհ­նու­թեան գի­րեր։

Այս փու­լէն վերջ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ շրջայց մը կա­տա­րուե­ցաւ նոր բա­ժին­նե­րէն ներս եւ բո­լո­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ վկա­յե­ցին, թէ իս­կա­պէս կա­տա­րե­լա­պաշտ մօ­տե­ցու­մով մը տա­ր-ւած էին աշ­խա­տանք­նե­րը, իսկ ար­դիւն­քը ե­ղած էր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին վա­յել, ըն­դու­նուած չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան եւ ող­ջու­նե­լի։

Այս հանգ­րուա­նէն վերջ քա­ղա­քա­պետն ու իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին Պատ­րիար­քա­րա­նէն, եւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բարձր տրա­մադ­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ մի­ջոց մը եւս զրու­ցեց ներ­կայ ազ­գա­յին­նե­րուն եւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն հետ։

Պատ­րիար­քա­րա­նի նոր չորս հիւ­րա­սե­նեակ­նե­րը ա­ռա­ջին հեր­թին նա­խա­տե­սուած են ար­տա­սահ­մա­նէն փու­թա­լիք հիւր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն հա­մար։ Իսկ գրա­դա­րա­նի յա­ւե­լեալ բա­ժի­նը ո­րոշ չա­փով կը դիւ­րաց­նէ ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տան­քը, սա­կայն ներ­կայ ըն­դար­ձա­կեալ վի­ճա­կով իսկ սահ­մա­նա­փակ կը մնայ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի մտա­ւոր հարս­տու­թիւ­նը ամ­բա­րե­լու հա­մար։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015