ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
Երէկ երեկոյեան Կայրէթթեփէի «Տետեման» պանդոկին մէջ ընթրիք մը սարքուեցաւ ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի։ Համայնքային շրջանակները լայն մասնակցութիւն բերին այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Ներկայ էին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի պատուոյ ատենապետ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, բազմաթիւ համայնքային բարերարներ, մեր հաստատութիւններէն ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Թոփգաբուի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Չաքան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութեան երիտասարդները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուած ներկաները ապրեցան ամառնամուտը միասնաբար դիմաւորելու ուրախութիւնը եւ թէ միեւնոյն ժամանակ արտայայտեցին իրենց զօրակցութիւնը Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին նկատմամբ։ Ծանօթ է, որ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը երկար տասնամեակներէ ի վեր կը գոյատեւէ մեծ զոհողութիւններով։ Քանի մը տարի վերջ այս դպրոցը պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 200-ամեայ յոբելեանը։ Թոփգաբուի ընտանիքը յամառ պայքարի մէջ է՝ որպէսզի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երթը ըլլայ կայուն եւ ան կարենայ իր դռները բաց պահել մեր ժողովուրդի ամենահամեստ խաւերէն ընտանիքներու զաւակներուն համար։
Երէկուան ձեռնարկին յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Մելիսա Պոզ Թաշճեանի։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մուրատ Չաքան։ Թոփգաբուի ընտանիքին կողմէ հանդիսաւոր պայմաններով ծաղկեփունջ մը յանձնուեցաւ Մոնիք Երկանեանին՝ առ ի երախտագիտութիւն իր վաստակին եւ այս հաստատութեան համար ներդրած եռանդին։ Երկանեան ամոլը այս ձեռնարկին ալ հովանաւորներու շարքին էր եւ այս կապակցութեամբ Թոփգաբուի ընտանիքը արտայայտեց իր անկեղծ երախտագիտութիւնը։ Ծաղկեփունջը ստանալէ վերջ Մոնիք Երկանեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին համայնքային մամուլին շնորհակալութիւն յայտնեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան եւ անոր առաքելութեան նկատմամբ ընծայուած ուշադրութեան համար։ Երկանեան ընդգծեց, որ մեր բոլոր վարժարանները պէտք է անպայման ապրին, պէտք է բաց մնան անոնց դռները, որպէսզի մեր համայնքն ալ զերծ մնայ անհետանալու վտանգէն։
Երեկոյթի տեւողութեան գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր՝ Յակոբ Կէօքչէի կողմէ գլխաւորուած խումբին կողմէ։ Բոլոր ներկաները ունեցան հաճելի ժամանց։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։
Ընթրիքի աւարտին բոլորը արձակուեցան շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն եւ յարատեւութիւն մաղթելով Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի առաքելութեան համար։