ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Պա­քըր­գիւ­ղի Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան փայ­լուն ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» դահ­լի­ճին մէջ։ Խմբա­վար Հրանդ Չիզ­մէ­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ ե­րի­տա­սար­դաց այս երգ­չա­խում­բը երկ­րորդ ան­գամ ներ­կա­յա­ցաւ մեր հա­մայն­քին եւ ար­դիւն­քին ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն մը, որ յոյս կը ներշն­չէ Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Պա­քըր­գիւ­ղի Ծն. Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն բազ­մա­թիւ դէմ­քեր եւ հիւ­րեր։ Ե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը կը բաղ­կա­նար բազ­մա­թիւ տոհ­միկ եր­գե­րէ, ո­րոնց ունկնդ­րու­թիւ­նը իս­կա­պէս հա­ճոյք մը ե­ղաւ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ունկն­դիր­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով փոր­ձե­ցին խրա­խու­սել ե­րի­տա­սար­դաց այս երգ­չա­խում­բը, ո­րու կա­տա­րե­լա­գործ­ման ուղ­ղու­թեամբ խմբա­վար Հրանդ Չիզ­մէ­ճեան կը ներդ­նէ լուրջ ե­ռանդ ու ջանք չի խնա­յեր, որ­պէս­զի պա­տա­նի եր­գիչ­նե­րը խո­րա­նան հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մէջ, հա­ղորդ դառ­նան ա­նոր ճո­խու­թեան։

Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դին ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Ա­րէտ Սու­սամ, որ բարձր գնա­հա­տեց Հրանդ Չիզ­մէ­ճեա­նի կող­մէ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րը, նաեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րա­մի կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թեան շուրջ։

Հա­մեր­գի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին օրհ­նու­թեան խօսք մը ար­տա­սա­նեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ե­րի­տա­սար­դաց երգ­չա­խում­բին եւ ա­նով ո­գե­ւո­րուած ամ­բողջ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին կող­մէ ծաղ­կե­փունջ մը պատ­րաս­տուած էր Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­մի­րին հա­մար։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին Հայր Սուր­բը ա­տե­նա­պե­տին յանձ­նեց նաեւ այդ ծաղ­կե­փուն­ջը, քա­նի որ Մե­սուտ Էօզ­տե­մի­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դը միշտ կը խրա­խու­սէ թա­ղի յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն աշ­խա­տան­քը։

Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ ու դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով՝ սպա­սե­լով ե­րի­տա­սար­դաց այս երգ­չա­խում­բի ա­պա­գայ հա­մերգ­նե­րուն։ 

Շաբաթ, Յունիս 4, 2016