ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը։ Ներկայ էր նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Փոքրիկները դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին իրենց յաջող ելոյթներով, որոնց շնորհիւ խլեցին ծափահարութիւններ։ Յայտագիրը բաղկացաւ արտասանութիւններէ, խմբերգներէ եւ թատերակներէ։ Ծնողները, որոնք կը հետեւէին հանդէսին, ուրախութեամբ ականատես եղան իրենց փոքրիկներու կրթական կեանքի առաջին քայլափոխի նուաճումներուն։ Ստեղծուած յուզումնախառն մթնոլորտին մէջ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Յայտագրի գործադրութեան յաջորդեց Գատըգիւղի տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած ընդունելութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024