ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ անցեալ ամսուան երկրորդ կէսին Դիմատետրի (Facebook) վրայ զետեղուած յայտարարութիւնը դրական արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ինչպէս ծանօթ է, նորին սրբազնութիւնը միջոց մը առաջ ծաւալուն լուսաբանութիւն մը ներկայացուցած էր՝ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած ժամանակաշրջանի համար իրեն վերագրուած մեղադրանքներուն, իրեն դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն եւ իրեն հասցէագրուած պնդումներուն շուրջ։ Այդ թրքերէն յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ հրատարակուած էր նաեւ մեր համայնքային մամուլին մէջ։ Վերջին օրերուն համայնքային կեանքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած են զանազան տուեալներ, որոնք կը ցոլացնեն հարցախոյզի մը արդիւնքը։ Այսպէս, համայնքը ընդհանուր առմամբ համոզիչ կը նկատէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ ներկայացուած վերջին բացատրութիւնները, հիմնաւորումները, ինչպէս նաեւ լուսաբանութիւն մը հրապարակելու երեւոյթը։
Վերոյիշեալ հարցախոյզը կատարուած է «Եըլտըզ» անուն հետազօտութիւններու, կրթութեան ու խորհրդատուութիւններու ընկերութեան մը կողմէ։ Ընկերային ցանցերէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուած արդիւնքներէն յայտնի կը դառնայ, որ այս ընկերութիւնը միջոցէ մը ի վեր մեր համայնքէն ներս հետազօտութիւններ կ՚իրականացնէ՝ ընդհանուր առմամբ աւելի ընդարձակ նիւթի մը՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։ Ընկերութիւնը կը ջանայ համայնքին անդամներուն բազկերակը շօշափել եւ հրատապ իրադարձութիւններու լոյսին տակ դիտարկել, թէ մեր համայնքի անդամներուն տրամադրութիւնները ինչպիսի փոփոխութիւններ կամ վերիվայրումներ կ՚արձանագրեն։
Յիշեալ ընկերութեան կողմէ հրապարակուած վերջին հարցախոյզի արդիւնքներուն մէջ առանձին բաժին մը կայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Դիմատետրի վրայ զետեղուած յայտարարութեան շուրջ։ Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն, մասնակիցներու 64.29 տոկոսը ճիշդ կը համարէ նորին սրբազնութեան կողմէ յայտարարութեան մը կատարուած ըլլալը։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն 45.98 տոկոսը անկեղծ կը համարէ այդ յայտարարութիւնը, իսկ 33.93 տոկոսը՝ ոչ։ Հայաստանի մէջ ընկերային ցանցերու միջոցաւ նորին սրբազնութեան դէմ օրակարգի վրայ բերուած պնդումները անլուրջ համարուած են հարցախոյզի մասնակիցներու 52.68 տոկոսին կողմէ։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն 65.18 տոկոսը չի հաւատար, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խանութ մը ունի Մոսկուայի մէջ։ Մասնակիցներու 51.34 տոկոսն ալ չի հաւատար, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաճառած է Պատրիարքարանի արժէքաւոր պաստառները։ Ըստ նոյն արդիւնքներուն, հար-ցախոյզի մասնակիցներու 49.11 տոկոսը կը մտածէ, որ ելմտական տեղեկագրերը ճիշդ ժամկէտով չեն հրապարակուիր։ Մասնակիցներու 37.05 տոկոսը բնականոն կը համարէ Պէյքոզի նիւթին շուրջ կարգ մը անձերու կաշառք տրուիլը, իսկ 27.23 տոկոսը ոչ։ Հարցախոյզի մասնակիցներու 73.21 տոկոսը չի հաւատար, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շփման մէջ է ցոփուհիներու հետ։ Մասնակիցներու 70.09 տոկոսը յայտնած է, որ տեղեակ չէ՝ թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատրիարքական ընտրութեան մը համար դիմում մը կատարած է։ Նոյնպէս մասնակիցներուն 82.59 տոկոսը տեղեակ չէ եղած, որ նորին սրբազնութիւնը թանգարան մը հիմնած է։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն 44.20 տոկոսը անհանգստացուցիչ համարած է՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ պաշտօնական մարմիններուն հետ մշակուած դրական յարաբերութիւնը, իսկ 34.38 տոկոսը՝ ոչ։
Հարցախոյզի հիման վրայ պատրաստուած տեղեկագրին հեղինակները մատնանշած են, որ վերոյիշեալ արդիւնքներէն կարելի է դատել, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի յայտարարութիւնը դրական ընկալուած է լայն զանգուածի մը կողմէ։