ԼԻԱ ԽԱՒԸԹԵՐՍ ՄԱԳԻՍՏՐՈՍ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լիա Խաւըթերս կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւն՝ համատեղելով բարձրագոյն ուսումն ու աշխատանքի փորձառութիւնը։

Լիա Խաւըթերս, որ ծնած է Պոլուի մէջ, նախկրթութիւնը ստացած է Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ։ «Սեն փիւլշերի» ֆրանսական լիսէն աւարտելէ վերջ մուտք գործած է Իսթանպուլի համալսարանը, ուր ուսանած է ֆրանսերէնի ուսուցչութիւն։ Մասթըրի համար յաճախած է Կալաթասարայի համալսարանը, ուրկէ յաջողութեամբ վկայուած է՝ որպէս շուկաներու հաղորդակցութեան կառավարման մասնագէտ։ Մագիստրոսական աշխատանքները տանելու զուգահեռ՝ ֆրանսական թեքումով մասնաւոր վարժարանէ մը ներս որպէս ուսուցչուհի կը պաշտօնավարէ չորս տարիէ ի վեր։

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք Լիա Խաւըթերսը ու նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրեն։ Կը շնորհաւորենք նաեւ իր ընտանիքը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017