ԱՌՑԱՆՑ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ վերջին օրերուն իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին առթիւ կազմակերպուեցաւ առցանց շնորհաւորական մը։ Այս առթիւ երկրի փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքը։ Յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, այս առցանց շնորհաւորական հաւաքին մասնակցեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Էքրէմ Իմամօղլու ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ եւ ուրախութիւն յայտնեց սոյն հաւաքին կապակցութեամբ։ Բոլոր մասնակիցներուն վերապահուած էր ելոյթի իրաւունք։ Իր կարգին, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան յանուն Նորին Ամենապատուութեան ողջունեց Իմամօղլուն եւ անոր անձին մէջ շնորհաւորութիւններ յղեց քաղաքապետարանի պաշտօնէութեան։ Ան մաղթեց, որ կրօնական տօները վերածուին համատարած օրհնութեան առիթի։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, շուրջ ժամ մը տեւեց առցանց հանդիպումը, որու աւարտին Էքրէմ Իմամօղլու մաղթեց քորոնաժահրի համաճարակէն վերջ աւելի բարենպաստ եւ անմիջական պայմաններու ներքեւ համախմբուիլ ու երես առ երես զրուցելու առիթ ունենալ։  

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020