ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՁԵՌԱՄԲ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄՆԻ ԲԱՐԵԶԱՐԴՈՒԱԾ ՍԵՆԵԱԿԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը Մանուկ Էօղէրի ատենապետած Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներու հետ միասին առաջնորդուեցաւ Աղքատախնամ մարմնի բարեզարդուած սենեակը։ Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամները։

Բարեզարդեալ սենեակի մուտքին Պատրիարք Հայրը աղօթեց ու բարեմաղթութիւններ ըրաւ, որմէ յետոյ կտրեց յատկանշական կարմիր ժապաւէնը։ Յաջորդաբար մեր Հոգեւոր Պետը շրջեցաւ բարեզարդուած սենեակը, ուր վարչութեան անդամներ կատարուած աշխատութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրեն։

Նորին Ամենապատուութիւնը Աղքատախնամ մարմնի առաքելութեան կարեւորութիւնը շեշտեց եւ ի միջի այլոց ըսաւ. «Աստուած այս վայրը բարիքի աղբիւր դարձնէ եւ թաղի կարօտեալներն ու աղքատները իրենց յոյսը գտնեն։ Ֆէրիգիւղը շատ կարեւոր թաղ մըն է եւ ամենէն շատ աղքատներն ու օգնութեան կարիք ունեցողները այստեղ են։ Կը յուսանք այս նոր շէնքով՝ նոր եռանդով, նոր տեսիլքներով, նոր ծրագիրներով աշխատանքներ կը մշակէք, յատկապէս Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի հետ միատեղ»։

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի տնօրինութեամբ, Աղքատախնամ մարմինը պիտի գործէ հետեւեալ վարչակազմով. Գէորգ Պենլի (ատենապետ), Էրման Աշչը (Բ. ատենապետ), Այհան Յակոբ Չերքէզ (փոխ-ատենապետ) եւ Արի Թեճիրօղլու (հաշուեքննիչ)։ Բաց աստի, աղքատախնամը կը գործէ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի հետ սերտօրէն գործակցելով, իր մօտն ունենալով նաեւ կամաւորներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2021