ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­հաս­տատ սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին խմբագ­րա­տունս՝ բազ­մա­կող­մա­նի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով ի­րենց ծա­ւա­լած աշ­խա­տան­քին շուրջ։ Մի­ջո­ցէ մը ի վեր ար­դէն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուէր այս միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ լու­րը։ Ներ­կա­յիս ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս հիմ­նուած է Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թիւ­նը, ո­րու հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րը կը հա­մա­րուին մէկ կող­մէ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հա­մախմ­բու­մը, իսկ միւս կող­մէ ալ այս վար­ժա­րա­նը բաց պա­հե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ տրուած պայ­քա­րին զօ­րակ­ցի­լը։

Յա­նուն նո­րաս­տեղծ միու­թեան մեր հիւ­րե­րը ե­ղան՝ Մե­լի­սա Թաշ­ճեան, Նա­տին Վան­լըօղ­լու-Թաշ, Ա­րաս Տէ­յիր­մեն­ճիօղ­լու եւ Րաֆ­ֆի Վան­լըեան։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք յայտ­նե­ցին, թէ միու­թիւ­նը ներ­կա­յիս Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ տրա­մադ­րուած սե­նեա­կէ մը ներս կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ իր վար­չա­կան աշ­խա­տան­քը եւ զու­գա­հե­ռա­բար ո­րո­նում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ հա­ւա­քա­տե­ղի մը գտնե­լու հա­մար։ Սա­նուց միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը շեշ­տե­ցին, թէ կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին յա­ջո­ղած են հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծել իս­թան­պու­լա­հայ միւս սա­նուց միու­թիւն­նե­րուն հետ եւ այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ դրա­կան դրսե­ւո­րում­ներ՝ հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մով։ Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը դի­տել տուին, թէ ի­րենք շուրջ տասն­հինգ հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ խում­բով մը սկսած էին գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել, սա­կայն շու­տով այդ թիւն ալ բարձ­րա­ցաւ եւ այ­սօր ար­դէն կը զգան, որ տա­րուած աշ­խա­տան­քը ինք­նա­բե­րա­բար կը բարձ­րաց­նէ նաեւ ձգո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։

Հարկ է նշել, որ նո­րաս­տեղծ միու­թեան վար­չու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ նաեւ Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի աշ­խա­տանք­նե­րուն, որ­պէս­զի դպրո­ցի վե­րա­բե­րեալ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը ըլ­լան ա­ւե­լի հա­մա­կար­գուած։ Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մե­ծա­պէս կը կա­րե­ւո­րեն ի­րենց աշ­խա­տան­քին այս ե­րե­սա­կը, ո­րով­հե­տեւ վար­ժա­րա­նի յա­րա­տե­ւու­թեան խնդի­րը ի­րենք եւս կը դա­սեն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին։

Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք նո­րաս­տեղծ սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան եւ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015