ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԱՅՏՆԻ ՏԵՍԱԲԱՆՆԵՐԷՆ ՓՐՈՖ. ՃՈՆ ՔԵԼԸՐ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան եր­դի­քին տակ ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ կրթա­կան աշ­խար­հի յայտ­նի տե­սա­բան­նե­րէն մին՝ Ֆլո­րի­տա­յի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Փրոֆ. Ճոն Քե­լըր։ Այս վեր­ջի­նը կրթա­կան կեան­քէ ներս կը հա­մա­րուի իս­կա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն մը։ Ան հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով համ­բաւ ձեռք բե­րած է շնոր­հիւ իր հնա­րած ARCS ու­սուց­ման դրու­թեան, որ կը վե­րա­բե­րի կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ ա­շա­կերտ­նե­րու կեդ­րո­նա­ցու­մը ա­ռա­ւե­լա­գոյն մա­կար­դա­կի հասց­նե­լու։

Իս­թան­պու­լա­հայ կրթա­կան հա­մա­կար­գին տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն էր Ճոն Քե­լը­րի հետ շփու­մը, մա­նա­ւանդ ա­նոր մօ­տե­ցում­նե­րուն ուղ­ղա­կիօ­րէն հա­ղորդ դառ­նա­լը։ Իր ե­լոյ­թին առ­թիւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան եր­դի­քին տակ հա­մախմ­բուե­ցան իս­թան­պու­լա­հայ զա­նա­զան վար­ժա­րան­նե­րու հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, տնօ­րէն­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ եւ ծնող­ներ։ Ճոն Քե­լը­րի եւ կո­ղակ­ցին՝ Սե­սի­լիա Քե­լը­րի ի պա­տիւ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րը ա­ռիթն ու­նե­ցան ճանչ­նա­լու օ­րուան ա­տե­նա­խօ­սը։ Ա­ւե­լի վերջ հիւ­րըն­կալ Գա­րա­կէօ­զեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ Ճոն Քե­լը­րի հետ ա­սու­լի­սը։ Իր խօս­քե­րը թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նուե­ցան Գա­րա­կէօ­զեա­նի կրթա­կան նիւ­թե­րու գծով խորհր­դա­կան Ֆու­լիա Սա­րըի կող­մէ։ Քե­լը­րի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ մե­ծա­դիր պաս­տա­ռի մը վրայ կը հո­սէին նաեւ ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կամ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ՝ միշտ անգ­լե­րէ­նով եւ թրքե­րէ­նով։ Շուրջ եր­կու ժամ տե­ւեց այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Քե­լըր շատ հե­տաքրք­րա­կան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ ա­շա­կերտ­նե­րու բարձր կեդ­րո­նա­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լու վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րուն շուրջ։ Բա­ցի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ճոն Քե­լըր զա­նա­զան ծրագ­րեր ղե­կա­վա­րած է Չի­նաս­տա­նի, Ճա­բո­նի, Քո­րէա­յի, Հո­լան­տա­յի, Քու­պա­յի, Պրա­զի­լիոյ եւ աշ­խար­հի այլ բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն ներս, իսկ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ար­դէն թէ՛ կը ճո­խաց­նէին իր ար­տա­յայ­տած միտ­քե­րը եւ թէ գործ­նա­կան ա­պա­ցոյց մը կ՚ըլ­լա­յին ա­նոնց տե­սա­կէ­տէ։  

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին Ա­րու­սեակ Մո­նէ յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նեց Ճոն Քե­լը­րին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015