ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբի անմոռանալի նուիրեալներէն հոգելոյս Նազար Հանչէրի յիշատակին այս տարի եւս ճատրակի մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս մրցաշարքի պատուոյ հիւրն էր հանգուցեալի այրին՝ Էլմոն Հանչէր։ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ այս նախաձեռնութիւնը՝ համախմբելով բազմաթիւ մարզիկներ։
Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւն, որուն ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։ Դափնեկիրներուն յանձնուեցան իրենց բաժակներն ու մետայլները՝ մինչ բոլորը շնորհաւորեցին ջերմօրէն։
Բաց աստի, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, լուսահոգի Նազար Հանչէր յիշատակուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնով։