ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Թրքահայ համայնքային շրջանակները երէկ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանին, որու կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր։ Հանգուցեալը, որ երկար տարիներ եղած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետը եւ ծաւալած էր բազմակողմանի ազգային գործունէութիւն։ Այդ բոլորի լոյսին տակ, Մարտիրոս Ենիեորկան հրաժեշտի փուլին առարկայ դարձաւ մեծ երախտագիտութեան։ Հոծ թիւով յուղարկաւորներ բերին իրենց խոնարհումը անոր բարոյական ներկայութեան առջեւ եւ սգակիր հարազատներուն աղօթակից եղան՝ հանգուցեալի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։
Լուսահոգի Մարտիրոս Ենիեորկանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած յուղարկաւորները համակուած էին յուզումնախառն զգացումներով։ Արարողութեան ներկայ էր Թուրիքոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Լուսաշող տաճարին կեդրոնը՝ մահաբեմի վրայ զետեղուած էր դագաղը, որուն շուրջ բոլորը հանգուցեալի նկատմամբ վերջին յարգանքը մատոյց։
Յուղարկաւորութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ կուռ դամբանականով մը վեր առաւ Մարտիրոս Ենիեորկանի համայնքային բազմամեայ ու անսակարկ ծառայութիւնը։ Ան վերյիշեց նաեւ հանգուցեալի լուսահոգի կողակիցը՝ բարեյիշատակ Մելինէ Ենիեորկանը, որու հետ տասնամեակներ շարունակ չէին բացակայած համայնքային ընկերամշակութային ձեռնարկներէ։ Նորին Սրբազնութիւնը Պատրիարքական Աթոռի եւ ամբողջ համայնքին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի հարազատներուն՝ Լենա Ենիեորկանին եւ Արան-Լենա Ենիեորկան ամոլին։
Յուղարկաւորութեան մասնակիցներու շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ այլ քահանայ հայրեր։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին ներկայացուցիչները այն համայնքային հաստատութիւններուն, ուրկէ հասած կամ որոնց ծառայած էր Մարտիրոս Ենիեորկան, ինչ որ հրաժեշտի փուլին կը պայմանաւորէր անոր նկատմամբ ընդգծեալ յարգանքը։
Յուղարկաւորութեան աւարտին Մարտիրոս Ենիեորկանի անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Գերեզմանատան ճանապարհին, ըստ ննջեցեալի կտակին՝ մեռելակառքը անցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի առջեւէն, ուր հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ վարչայիններն ու մասնագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչները արտայայտեցին իրենց վերջին յարգանքը։
Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին՝ դստեր՝ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանին, որդւոյն՝ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Արան-Լենա Ենիեորկան ամոլին եւ դստեր՝ Լուսինին, խնամիներուն՝ Նուրհան եւ Ազնիւ Չոպաններուն եւ համայն պարագաներուն։