ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՄԵԿՆԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ այն ուխտաւորները, որոնք վերջերս Երուսաղէմ մեկնած էին՝ մասնակցելու համար Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Ս. Երկրէ ներս ըստ Հին տոմարի կը նշէ Տիրոջ Ս. Ծնունդը եւ ամէն տարի Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ մեր համայնքէն ուխտաւորներ Երուսաղէմ կը մեկնին մասնակցելու համար տօնակատարութիւններուն։ Այս տարուան ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որուն կազմակերպչական աշխատանքներու համար օժանդակած էին Սեւան Արապեան եւ Միհրան Սաթըլմըշ։

Երէկուան հանդիպման սկիզբին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան ընդհանուր տպաւորութիւններ փոխանցեց ուխտագնացութեան օրերէն։ Ապա, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց ուխտաւորաց խումբի անդամները ու մեծապէս գնահատեց անոնց կողմէ դրսեւորուած ոգին։ «Ս. Երկիրը քրիստոնեայ աշխարհի բաբախող սիրտն է եւ յատկապէս նման առիթներով տրուած այցելութիւնները կ՚ոգեւորեն ուխտաւորները», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ աւելցուց, որ անցեալին Երուսաղէմի մէջ պաշտօնավարած ըլլալով՝ ծանօթ է մթնոլորտին եւ կը պատկերացնէ ուխտաւորաց հոգեւոր ապրումները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խրախուսելի համարեց պոլսահայ ուխտաւորներու ներկայութիւնը ու մաղթեց, որ նման առիթներ կրկնուին, որպէսզի հաւատացեալներ սուրբգրային ուղիով տեղւոյն վրայ ճանապարհորդեն եւ խոկումի առիթներ ունենան բարոյապէս, հոգեպէս վերանորոգուելու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց ուխտագնացութիւնը գլխաւորած հայր սուրբն ու ուղեւորութեան կազմակերպիչները եւ յիշեցուց, որ այդ պարտականութիւնը կը համարուի սուրբ ծառայութիւն մը։ Ընդունելութեան աւարտին ուխտաւորաց խումբի անդամները յուշանուէր մը յանձնեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ արձակուեցան ստանալով իր օրհնութիւնները։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020