ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍԷՐ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ YOLCU ԾՐԱԳԻՐԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան սանուց միութենէն Վարդան Պալմումճեանն ու Արսէն Գովանը։ Մխիթարեանի ընտանիքի այս երկու ծանօթ անունները փութացած էին բացատրութիւններ տալու համար միութեան վարչութեան մշակութային վերջին կարեւոր նախաձեռնութեան շուրջ։ Արդարեւ, Մխիթարեան սանուց միութիւնը ներկայիս ձեռնամուխ եղած է պարաթատերական ձեռնարկի մը կազմակերպման։ «Yolcu» անուան ներքեւ հսկայ խումբ մը աշխատանքի լծուած է այս ծրագրին համար՝ բեմադրիչ Լեւոն Թապէրեանի մականին ներքեւ։ Այս շաբաթավերջէն սկսեալ իրերայաջորդ հինգ ներկայացումներ նախատեսուած են եւ կազմակերպիչները կ՚ակնկալեն գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութիւնը այս ձեռնարկներուն նկատմամբ։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020