ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ «HAY MENTEE-MENTOR» ԾՐԱԳՐԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ գործող «HAY MENTEE-MENTOR» երիտասարդաց ծրագիրը յունուար ամսուան մէջ շարունակեց իր գործունէութիւնը։ Հակառակ քորոնաժահրի համավարակի շարունակուող սահմանափակումներուն, ծրագիրը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ օգտագործելով համացանցային հարթակը։

Անցեալ յունուարին, ծրագրի «İnstagram»ի էջին մէջ կազմակերպուեցան դասախօսական կարճ հանդիպումներ, որոնք ուղիղ սփռուեցան համացանցէն։ Նոյն շրջանին անջատաբար տեղի ունեցան հետեւեալ հանդիպումները.

Առաջին զրոյցը տեղի ունեցաւ ատամնաբոյժ Մարկոս Էրքոլի հետ՝ ղեկավարութեամբ Նարեկ Էրքոլի։ Յաջորդաբար՝ զրուցեց Արիս Տիգրան Նշան՝ ղեկավարութեամբ Ժպիտ Լոյս Կեզերի։ Երրորդ հանդիպումը եղաւ Արթուն Աթմաճայի հետ՝ ղեկավարութեամբ Ժենիա Իչլիեիւրեքի։ Իսկ վերջին հանդիպումն էր հոգեբոյժ Լեռնա Մեզիրճեան Չանքըրըյի հետ՝ ղեկավարութեամբ Սեսիլ Կիւկիւշի։

Առ այդ, 21 յունուարին Իսթանպուլի Քուլթիւր համալսարանի դասախօսներէն Տիլեք Էօլմեզ «Zoom»ի ճամբով ծրագրի երիտասարադներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ եւ խօսեցաւ մտագոհութիւնները յաղթահարելու կապակցութեամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021