ՆՈՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

«Արաս» հրատարակչութեան աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ ստեղծուած է «Եսայեան» մշակոյթի եւ գրականութեան միութիւնը։ Նորաստեղծ միութիւնը հիմնուած է «Արաս»ի հովանոցին ներքեւ եւ պիտի գործէ հրատարակչութեան համալիրէն ներս։

Յառաջիկայ մարտի 12-ին մասնաւոր մամլոյ ասուլիս մը նախատեսուած է, որպէսզի այս նորաստեղծ միութեան հիմնադիրները հանրային կարծիքի նկատառման յանձնեն իրենց նպատակներն ու ծրագիրները։ Միութեան զուգահեռ պիտի գործեն գրադարան մը, արխիւ մը եւ պիտի տրամադրուին աշխատանքային միջոցներ։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ատենախօսները կը պատրաստուին նաեւ պատասխանելու ներկաներու հարցումներուն։

Անոնք, որոնք «Արաս»ի գործունէութեան կը հետեւին, արդէն միջոցէ մը ի վեր տեղեակ էին այս նախաձեռնութեան։ Այժմ, ըստ երեւոյթին, եկած է այն փուլը, ուր այս բոլորը պաշտօնականացած է, հասունցած է եւ արդէն հանրային կարծիքը պաշտօնապէս տեղեակ պահելու պահը եկած է։ «Արաս»ի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ չէ նշուած, թէ ովքեր են այս նորաստեղծ միութեան վարչայինները կամ իրաւասուները, որոնք յառաջիկայ շաբաթ մամլոյ ասուլիս մը պիտի կազմակերպեն։

Այս ողջունելի նախաձեռնութեան կապակցութեամբ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք «Արաս»ի ընտանիքը եւ բոլոր անոնք, որոնք ունեցած են այս նորաստեղծ միութեան մտայղացումը։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024