ԷՍԱԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ա­շա­կերտ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նակ­ցե­ցան «Պիլ­ֆէն» նա­խակր­թա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի վե­ցե­րորդ մրցա­շար­քին։ 128 վար­ժա­րան­նե­րէն 229 հո­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ այս ծրագ­րին, ո­րուն շրջագ­ծով Է­սաեա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին Ա­րիս Նշան եւ Տա­ւիտ Իւ­կէ։ Խմբա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ է­սաեան­ցի­նե­րը հան­դի­սա­ցան երկ­րորդ։ Իսկ ան­հա­տա­կան դա­սա­ւոր­ման մէջ Տա­ւիտ Իւ­կէ հան­դի­սա­ցաւ ա­ռա­ջին։

Հարկ է նշել, որ Է­սաեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այս մրցա­շար­քին հա­մար մար­զուած էին ճատ­րա­կի ու­սու­ցիչ Սա­յաթ Թուղ­լա­ճըի կող­մէ։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016