ՈՒՇԱԴԻՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ միշտ բնո­րո­շել մեր հա­մայն­քի հրա­տապ օ­րա­կար­գը։ Ու­շա­դիր սպա­սու­մի մը մէջ են հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի եւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի մի­ջեւ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման հա­ւա­նա­կան ար­դիւն­քին կը սպա­սուի հե­տաքրք­րու­թեամբ։ Եր­կու սրբա­զան­նե­րու երկ­խօ­սու­թեան նպա­տակն էր առ­կայ թնճու­կին գտնել լու­ծում մը՝ ա­ռանց հա­կադ­րե­լու մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նոն­ներն ու պե­տու­թեան սպա­սում­նե­րը։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան նա­խըն­թաց օր յայտ­նած էր, թէ մէկ-եր­կու օ­րէն յայտ­նի պի­տի դառ­նայ Պատ­րիար­քա­րա­նի ի­րենց տե­սակ­ցու­թեան ար­դիւն­քը։ Ուս­տի, մեր հա­մայն­քէն ներս ներ­կա­յիս հիմ­նա­կան հար­ցու­մը այն է, թէ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան պի­տի կա­րե­նա՞ն հաս­նիլ հա­մա­ձայ­նու­թեան մը։ Բնա­կա­նա­բար, բո­լո­րը տրա­մադ­րուած են դրա­կա­նօ­րէն։ Իսկ ե­թէ չգո­յա­նայ այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, ա­պա ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ։ Այս հար­ցումն ալ կը մնայ ի զօ­րու, սա­կայն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը կը սի­րեն յու­սալ, որ այդ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը չդառ­նայ ի­րա­կա­նու­թիւն։

Միւս կող­մէ, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին կու­սա­կա­լու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման մա­սին ե­րէկ ուշ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Ան այդ տե­սակ­ցու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս վերջ գրի ա­ռած էր տպա­ւո­րու­թիւն­ներ, իսկ այժմ մա­մու­լին ու­ղար­կած է զե­կոյց մը, ո­րով կը յայտ­նէ, թէ կու­սա­կա­լու­թեան մէջ ի­րենց չէ ը­սուած, որ յաչս պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յիս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի միակ երկ­խօսն է Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան՝ իր բո­լոր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով, մին­չեւ նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­րուի­լը։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան կը հեր­քէ կու­սա­կա­լու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն վերջ Պատ­րիար­քա­րա­նի դի­ւա­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյ­ցը։ «Ե­թէ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին մեր ու­շադ­րու­թե­նէն սպրդած հան­գա­մանք մը ե­ղած է եւ կամ պե­տա­կան մար­մին­նե­րը այլ տե­սակ­ցու­թեան մը ըն­թաց­քին նման յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­րած են, ա­պա ի­րա­ւա­սու­նե­րը այս մէ­կուն ի­րա­ւա­կան ու սահ­մա­նադ­րա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը պէտք է մե­զի բա­ցատ­րեն», ը­սած է Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պե­տը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, այս կէ­տին տե­սա­կէ­տէ տա­րա­կար­ծու­թիւն յայտ­նած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ հրա­պա­րա­կած տե­սա­կէտ­նե­րուն եւ մօ­տե­ցում­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2017