ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Իզապէլ Տիւմոնը։

Բարձրաստիճան դիւանագէտի քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց դիւանագէտին այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։ Իր կարգին, Տիւմոնն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։

Հանդիպման աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իզապէլ Տիւմոնին նուիրեց Կարօ Քիւրքմանի ոսկերչութեան մասին հեղինակած մեծածաւալ հատորներէն մին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024