ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ

Համ­բարձ­ման տօնն է այ­սօր։ Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին յա­ջոր­դած 40-րդ օ­րը կը նշուի քրիս­տո­նէա­կան այս մեծ տօ­նը։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցի կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րուան­նե­րէն մին է Համ­բար­ձու­մը։ Ծա­նօթ է, որ թրքա­հա­յու­թիւ­նը բազ­մա­պատ­կուած հրճուան­քով մը կը նշէ Համ­բարձ­ման տօ­նը, ո­րով­հե­տեւ զու­գա­հե­ռա­բար կը նշուի նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձը։ Սա ար­դէն խոր ա­ւան­դու­թիւն մըն է։ Ա­մէն տա­րի Համ­բարձ­ման տօ­նին օ­րը մեր հա­մայն­քը դէ­պի Գթու­թեան յար­կը կը սե­ւե­ռէ իր ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ ա­հա այ­սօր, Համ­բարձ­ման տօ­նին զու­գա­հեռ կը տօ­նախմ­բուի Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հիմ­նադ­րու­թեան հեր­թա­կան տա­րե­դար­ձը։ Ազ­գին տու­նը 184 տա­րե­կան է ար­դէն… Կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն մեր հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ հեր­թա­կան ան­գամ կը վե­րա­կեն­դա­նա­նայ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին պատ­մու­թիւ­նը ու կը բիւ­րե­ղա­նայ ա­նոր բազ­մա­կող­մա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ա­մէն տա­րի ար­դար ու­րա­խու­թեամբ կը նշուի հի­ւան­դա­նո­ցի հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձը, ո­րով­հե­տեւ այս հաս­տա­տու­թիւ­նը յա­րա­տեւ վե­րել­քի մէջ է եւ պատ­մու­թեան հո­լո­վոյ­թին մէջ միշտ ար­դա­րա­ցու­ցած՝ իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը մեր ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, հպար­տու­թեան կո­թող մըն է։ Թրքա­հա­յու­թիւ­նը, որ­քան որ ալ հե­ռա­ցած ըլ­լայ ան­ցեա­լի փառ­քի օ­րե­րէն, Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը կը շա­րու­նա­կէ մնալ պար­ծան­քի աղ­բիւր մը։

Որ­քան որ ալ խոր ըլ­լայ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին պատ­մու­թիւ­նը, ան այն­քան եւ ե­րի­տա­սարդ հաս­տա­տու­թիւն մըն է եւ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մշտա­նո­րոգ ե­ռան­դով, նոր հո­րի­զոն­ներ նուա­ճե­լու կո­րո­վով։ Գթու­թեան յար­կը ա­ռանցքն է մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քին։ Բժշկա­կան-ա­ռող­ջա­պա­հա­կան բնա­գա­ւա­ռի մաս­նա­գի­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը ըլ­լա­լով հան­դերձ, Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի ի­մաս­տը ան­կա­րե­լի է այդ­քա­նով բա­ցատ­րել կամ սահ­մա­նա­փա­կել մեր ի­րա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Իր մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րով ան կա­մուրջ մըն է սե­րունդ­նե­րուն մի­ջեւ ու մշտա­կան պատ­գա­մա­բե­րը՝ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան։ Վար­չա­կան հե­ռա­տե­սու­թե­նէ սկսեալ, մին­չեւ մեր մշա­կու­թա­յին գան­ձե­րու նկատ­մամբ գուր­գու­րան­քը՝ Գթու­թեան յար­կը զուտ իր լի­նե­լու­թեամբ ինչ-ինչ խնդիր­ներ կը լու­ծէ ու մի­ջա­վայր կը ձե­ւաց­նէ, որ­պէս­զի մեր հա­մայնքն ալ դի­մագ­րա­ւէ հա­մա­պա­տաս­խան մար­տահ­րա­ւէր­ներ։

Մեր հա­մայն­քը ա­մէն տա­րի ար­դար հպար­տու­թեամբ կը նշէ հի­ւան­դա­նո­ցի հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձը, ո­րով­հե­տեւ իս­կա­պէս ա­ռար­կա­յա­կան պատ­ճառ­ներ կան այդ ուղ­ղու­թեամբ։ Այ­սօր ալ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի ու կա­տա­րեալ կա­ռոյց մըն է։ Այն­տեղ մա­տու­ցուած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն ո­րա­կը ար­դէն ու­նի վա­ւե­րա­կան բնոյթ։ Ֆի­զի­քա­կան պայ­ման­նե­րուն մա­կար­դա­կը, թեք­նիկ գեր­ժա­մա­նա­կա­կից սար­քա­ւո­րում­նե­րուն ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ու տա­կա­ւին բա­զում գոր­ծօն­ներ նա­խան­ձե­լի դիր­քի մը վրայ կը պա­հեն Գթու­թեան յար­կը։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կող­մէ գլխա­ւո­րուած հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը հե­ռա­տես քայ­լե­րով ար­դէն Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը կը պատ­րաս­տեն՝ ա­նոր գո­յու­թեան եր­րորդ դա­րուն։ Տա­րի­նե­րը, տաս­նա­մեակ­նե­րը կը սա­հին կ՚եր­թան, սա­կայն ամ­փո­փոխ կը մնայ այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ զու­գա­հեռ են մեր հա­մայն­քին եւ Գթու­թեան յար­կին գո­յու­թիւ­նը, ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը։ Ուս­տի, բո­լո­րի ան­կեղծ ու հա­սա­րա­կաց մաղ­թանքն է, որ այս հպար­տու­թեան կո­թո­ղը տա­կա­ւին եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ մնայ պատ­նէ­շի վրայ եւ իր ներշն­չան­քով մեր հա­մայն­քի երթն ալ ըլ­լայ ինք­նավս­տահ ու կո­րո­վի։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2016