ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄՏԵՐՄԻԿ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տիկ­նանց կազ­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ Ե­շի­լեուր­տի «Ման­զա­րա» ճա­շա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մտեր­միկ հա­ւա­քոյթ մը։ Մայ­րե­րու օ­րուան ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան մեր զա­նա­զան թա­ղե­րէն Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հա­մա­կիր տի­կին­ներ։ Ճա­շա­սե­ղան­նե­րու շուրջ հա­մախմ­բուած մաս­նա­կից­նե­րը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տիկ­նանց կազ­մի ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ եւ ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։ Ա­մառ­նա­մու­տի ներ­կայ շրջա­նի ե­ղա­նա­կին ալ բա­րե­բաս­տու­թիւն­նե­րը վա­յե­լե­լով ներ­կա­նե­րը բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով զրու­ցե­ցին ի­րա­րու հետ։ Ներ­կայ էին նաեւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի խնա­մա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պե­տու­հի Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Օ­րուան յայ­տագ­րին մաս կազ­մեց վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

Հա­ւա­քոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տիկ­նանց կազ­մին կ՚ան­դա­մակ­ցին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Մա­թիլ­տա Ֆը­րա­տօղ­լու (ա­տե­նա­պե­տու­հի), Լի­զի Չեր­մէ-Ճի­վա­նեան, Ա­լին Քում­րալ, Ժոս­լին Տինչ­քա­յըք­ճը, Նա­զե­նի Թըր­թըր, Հռիփ­սի­մէ Պա­քեան, Թա­լին Շի­րին­փը­նար, Թա­լին Փա­փա­զեան եւ Լե­տա Քոչ։

  

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017