ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Երէկ, Հոգեգալստեան տօնը աւանդական շուքով նշուեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Այս տարուան տօնակատարութիւնները ունեցան արտասովոր նշանակութիւն, որովհետեւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը փոխանցեց հայրական պատգամներ ու մանաւանդ յոյս յայտնեց, թէ մինչեւ տարեվերջ կը լուծուին մեր համայնքի առկայ հարցերը։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ սկսած էր եռուզեռը։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան, որ վերջին օրերուն հիւրաբար կը գտնուէր քաղաքիս մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գրիգոր Սրկ. Քիւչիւքիւթիւճեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ։ Հանդիսադիր տեղապահ Սրբազան Հայրը ի ժամ Ս. Պատարագի տուաւ օրուան պատգամը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան թաղի երախտաշատ սատարողները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնց շարքին էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։

Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի դիւանապետ Վաղարշակ Չիլճեանի արտասանած ողջոյնի խօսքով սկսաւ յայտագրին գործադրութիւնը։ Թաղային խորհուրդի գործունէութեան տարեկան տեղեկագիրը ներկայացուց Սարգիս Տեմիրճի, իսկ հաշուապահ Աւետիս Քեպապճեան ներկայացուց ելմտական տեղեկագիրը։ Էսաեան վարժարանի սաներէն Սեսիլ Հայրապետեան, Նաթալի Սահակեան, Հարի Հարուն Վերնիշեան, Արաս Մեսրոպեան, Մարկարիթա Սարտարեան, Առլին Տուման եւ Մելիսա Քալըճը հանդէս եկան արտասանութիւններով։

Կարկանդակ մը հատուեցաւ ի պատիւ օրուան պատարագիչ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեանի՝ ի նշանաւորումն իր քահանայագործութեան 30-ամեակին։ Այս առթիւ Հայր Սուրբը արտայայտեց իր գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն մատուցուած անակնկալին համար։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ փոխանցեց դրական պատգամներ։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի համայնքի առկայ բոլոր խնդիրները փոխանցուին իրեն եւ ինքն ալ ձեռնամուխ ըլլայ այդ բոլորի լուծման։ Նորին Սրբազնութիւնը մատնանշեց, որ ինք կը յարգէ բոլորին կարծիքը ու պատրաստակամ է լսելու բոլորին մօտեցումները։ Նման ոգիով մշակուելիք հաղորդակցութեան շնորհիւ մեր համայնքն ալ աջակցութիւն մատուցած պիտի ըլլայ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին՝ առկայ հարցերու յաղթահարման ճանապարհին։

Տեղապահ Սրբազան Հօր խօսքէն վերջ սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ աղօթքով։

       

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017