ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Սկիւտարի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ թաղի այժմու ու երբեմնի վարժարաններու շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքը։ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը՝ դաշտահանդէսի մը ձեւաչափով։ Բացի Գալֆաեանէն, Սէմէրճեան Ճեմարան եւ Ներսէսեան-Երմոնեան երբեմնի վարժարանի շրջանաւարտներն ալ համախմբուեցան այս առթիւ։ Անշուշտ, այս երեք վարժարաններու յոբելեար շրջանաւարտները առանձնապէս մեծարուեցան՝ ապրելով զիրար վերագտնելու երջանկութիւնը։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Արլէթ Ինճիտիւզէնի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթ մը ունեցաւ Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Յոբելեար շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցաւ բազմամեայ կրթական մշակ Իրմա Բարսեղեան Պորուճեան։ Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ Շուշան Խաչատուրեան, որ արժանացաւ ծափահարութիւններու։ Գալֆաեանցի սաները պարտէզի թթենիներէն քաղուած պտուղները հրամցուցին երէց շրջանաւարտներուն։
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Գարասու եւ այլ պատասխանատուներ։
Շրջանաւարտից օրուան առթիւ պարտէզին մէջ առանձին ցուցադրութիւնով մը ներկայացուեցան դպրոցի լուսանկարչութեան ակումբի սաներուն աշխատանքները, որոնք վերահսկուած էին Թարա Տեմիրճիօղլուի կողմէ։