ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար հանդէս մը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Լիզա Սէրճէնեանի եւ Էտըմ Եթէրօղլուի։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց դասարանի ուսուցչուհի Մելիսա Թուրաչ Պալչըք։ Տղաքը յայտագրին մասնակցութիւն բերին զանազան ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։ Յանուն ծնողներուն արտայայտուեցաւ Գարօլին Թեմիր, իսկ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէսի աւարտին արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը։

Բացի Մելիսա Թուրաչ Պալչըքէն այս հանդէսի պատրաստութիւնները վերահսկած էին դպրոցի ուսուցչական կազմէն՝ Թալին Սալթըքլը, Գարին Քիւչիւքօղլու, Նիլայ Մութլու, Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Թայիս Մարալ, Սելին Չավուշօղլու, Էսրա Էօզալփ, Գարին Քէօքճեան Թաշքըն եւ Քրիստին Տելլալօղլու։

Հանդէսի ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Հանդէսէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018